Մ. ՍԱՐԸԿԻՒԼ ՄԻԱՑԱՒ ՏՍՓ-ԻՆ

Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ միացաւ ՏՍՓ-ին։ Ինչպէս ծանօթ է, թեկնածութեան առաջադրման յապաղման պատճառով Սարըկիւլ վերջերս դուրս եկած էր ՃՀՓ-ի շարքերէն։ Երէկ, ՏՍՓ-ի կուսակցապետ Էօնտէր Աքսաքալ յայտնեց, որ Մուսթաֆա Սարըկիւլ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու կ՚առաջադրուի իր կուսակցութեան կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019