ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Պերլինի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի, Պունտեստակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի եւ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Փաշինեան կ՚այցելէ նաեւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնարկի գրասենեակը, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով մը։ Նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Գերմանիոյ Տնտեսութեան Արեւելեան յանձնաժողով-Արեւելեան Եւրոպա միութեան եւ գերմանական յառաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Բացի Պերլինէն, Նիկոլ Փաշինեան կ՚այցելէ նաեւ Քէօլն, ուր առաջնորդարանին մէջ կը տեսակցի գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան կ՚ընդունուի նաեւ Քէօլնի քաղաքապետին կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան կ՚այցելէ նաեւ Քէօլնի Թեքնիկ համալսարանը, ուր հանդիպում մը կ՚ունենայ ուսանողներու եւ դասախօսական կազմին հետ։

Այս այցելութեան ընդառաջ, Նիկոլ Փաշինեան ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է այնպիսի ծրագրերով, որոնց արդիւնքին քարիւղի կամ բնական կազի տարանցիկ խողովակաշար մը կրնայ անցնիլ Հայաստանէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019