ՏԻԳՐԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՌՈՒՍՏԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՌԱՏԻՈՅԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Տիգրան Յակոբեան, որ զանգուածային լրատուութեան աշխարհէ ներս փորձառու եւ հեղինակաւոր անուն մըն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յիշեալ յանձնաժողովի հերթական նիստին ընթացքին քննարկման առնուեցաւ նախկին նախագահ Գագիկ Բունիաթեանի հրաժարականը, որու ընդունման զուգահեռ կատարուեցաւ նոր նախագահի ընտրութիւն։ Փակ քուէարկութեան արդիւնքով Տիգրան Յակոբեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ յանձնաժողովի նախագահ։ Ան արդէն կ՚անդամակցէր այդ յանձնաժողովին։

Տիգրան Յակոբեան ցայսօր Հայաստանի մէջ կարեւոր պաշտօններ վարած է՝ որպէս բարձրաստիճան դիւանակալ։ Բաց աստի, թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ երկրէն դուրս պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019