ԱՆԳԼԻԱ ԱՅՍՕՐ ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԷՆ

Այսօր կէս գիշերին Անգլիա պաշտօնապէս դուրս կու գայ Եւրոմիութեան կազմէն եւ այսպէոսվ իրականութիւն կը դառնայ BREXIT-ը, որ երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքական տագնապներու պատճառ կը դառնար։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ԵՄ-ի կազմէն դուրս կու գայ անդամ երկիր մը։ Եւրոմիութիւնը ցայսօր թէեւ զանազան ճգնաժամեր դիմագրաւած էր, սակայն այսօրուանը յարաբերաբար աւելի դառն փորձառութիւն մը կը համարուի, որովհետեւ ան կը կորսնցնէ իր լիիրաւ անդամներէն մին։

Անգլիա 1973 թուականին անդամակցած էր Եւրոմիութեան կազմին եւ 47 տարուան միասնականութենէ մը վերջ ան կը լքէ միութիւնը։ Պրիւքսելի տեսակէտէ լուրջ մարտահրաւէր մըն է այս երեւոյթը՝ մանաւանդ, որ Լոնտոնի որոշումը Միացեալ Եւրոպայի իտէալին տեսակէտէ կը համարուի ծանր հարուած մը։

2016 թուականին կազմակերպուած հանրաքուէէն 43 ամիս վերջ BREXIT-ը կը դառնայ արդէն իրականութիւն։ ԵՄ-Անգլիա յարաբերութիւններուն մէջ այսպէսով կը սկսի անցումային շրջան մը։ Անգլիա ԵՄ-ի որոշում կայացնելու գործընթացներէն ներս որեւէ ներկայացուցչական իրաւունք պիտի չունենայ։ Յամենայնդէպս, Լոնտոն անցումային շրջանին պիտի կարենայ օգտուիլ այն իրաւունքներէն, որոնց տէրն էր անդամ եղած շրջանին։ Անգլիական կողմը, միեւնոյն ժամանակ, ԵՄ-ի ուղղեալ պատասխանատուութիւններն ալ պիտի շարունակէ իրականացնել՝ մանաւանդ պիտի կատարէ իր վճարումները եւրոպական հաստատութիւններուն։ Այս շրջանին Անգլիա պի-տի հնազանդի ԵՄ-ի կանոններուն եւ պիտի գործադրէ ԵՄ-ի Արդարադատութեան դիւանի վճիռները։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020