ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Երեւանի գրասենեակէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ամփոփուեցան անցեալ տարուան արդիւնքները։ Գրասենեակի ղեկավար Տիմիթրի Կվինտածէ այս առթիւ շեշտեց, որ անցեալ տարի այս դրամատունը Հայաստանէ ներս կատարեց ծաւալով երկրորդ մեծ չափի ներդրումը։ Ամփոփելով թուանշանները ան յայտնեց, որ դրամատան կողմէ անցեալ տարի Հայաստանի մէջ կատարուած ներդրումը հասած է 118 միլիոն եւրոյի մակարդակին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիմիթրի Կվինտածէ նշեց, որ Հայաստանի դրամավարկային քաղաքականութիւնն ու դրամատնային հատուածի հսկողութիւնը կը համարուի շատ ուժեղ։ Երկիրը ունի լաւ վերահսկուած կայուն դրամատնային հատուած, նաեւ գործարար դրական միջավայր։ Ըստ իրեն, Հայաստանի մէջ շատ խիստ քաղաքականութիւն կը գործադրուի տուրքերու հատուածին մէջ, պետական պարտքի կառավարման հատուածին մէջ եւ այս բոլորը կ՚ամրապնդէ երկրի ճկունութիւնը, կայունութիւնը արտաքին եւ ներքին ցնցումներու ներքեւ։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020