ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շուրջ երեք ժամուան հանդիպում մը ունեցան Քրեմլինի պալատէն ներս։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամ-փի կողմէ վերջին օրերուն հրապարակուած՝ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան ուղղեալ «Դարու համաձայնութեան» մանրամասնութիւնները քննարկուած են Մոսկուայի հանդիպման ժամանակ։ Նեթանիյահու ընդգծեց, որ ամերիկեան կողմին հետ կատարուած աշխատանքներէն անմիջապէս վերջ այցելած է Փութինին՝ ծրագրի մանրամասնութիւնները բացատրելու եւ ռուսական կողմի մօտեցումներուն վերահասու դառնալու համար։ Նեթանիյահուի խօսքով՝ Ռուսաստան եւ Իսրայէլ պատմականօրէն աննախընթաց ձեւով իրարու մօտ են աւելի քան երբեք։ Իր կարգին, Փութինն ալ շեշտադրումներ ըրաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս, հանդիպումէն վերջ այդ ծրագրին վերաբերեալ Վլատիմիր Փութինի տեսակէտները չհրապարակուեցան։

Ռուսական աղբիւրի մը հաղորդումներով, Մոսկուայի դիւանագիտական մասնագէտները տեղեկացուցած են, որ Իսրայէլի կողմէ ներկայացուած մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին եւ ըստ այդմ տեսակէտներ պիտի հրապարակուին։ Երէկուան հանդիպումէն առաջ ռուսական դիւանագիտական շրջանակները կասկածելի մօտեցում կը ցուցաբերէին այս ծրագրին նկատմամբ՝ Պաղեստինի սեղանին շուրջ չըլլալուն բերումով։ Իսրայէլեան աղբիւրներն ալ մատնանշեցին, որ վերջին ութ օրուան ընթացքին արդէն երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Փութինի եւ Նեթանիյահուի միջեւ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, ներառեալ Սուրիան, այս ծրագրի ամբողջ տարածքաշրջանի վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը ձեռք առնուած է։ Փութին եւ Նեթանիյահու կարծիքներ փոխանակած են՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Բաց աստի, որոշուած է, որպէսզի Սուրիոյ պարագային համակարգուած ըլլան երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։

Միւս կողմէ, Թուրքիա կը շարունակէ բուռն ձեւով հակազդել Ուաշինկթընի մէջ նախընթաց օր հրապարակուած ծրագրին դէմ։ Անգարայի մէջ վերջին իրադարձութիւնները կը քննարկուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ թրքական կողմը վճռական ձայն կը բարձրացնէ ծրագրին դէմ։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020