ԸՍՏ ԱԼԻԵՒԻ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿՐՆԱՅ 100 ՏԱՐԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԸ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դէպի Պուտափեշտ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Այս շրջանակին մէջ ան երէկ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ։

«Ատրպէյճան 100 տարի կրնայ Եւրոպայի համար ուժանիւթի յուսալի մատակարար ըլլալ։ Մեր երկիրը բաւականաչափ ուժանիւթ ունի, որպէսզի բաւարարէ Եւրոպայի կարիքները՝ որպէս վստահելի մատակարար յառաջիկայ 100 տարիին», յայտարարեց Ալիեւ Պուտափեշտի մէջ։

Իր կարգին, Օրպանն ալ յայտնեց, որ Պաքու խոստացած է մինչեւ 2027 թուականը կրկնապատկել դէպի Եւրոպա մատակարարուող բնական կազի քանակը։ Բաց աստի, Սեւ ծովու յատակով դէպի Եւրոպա կանաչ ելեկտրականութիւն մատակարարելու համաձայնագիր մը ստորագրուած է Վրաստանի, Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ հետ։ «Ատրպէյճանէն հասնող թէ՛ բնական կազը եւ թէ ելեկտրականութիւնը կ՚անցնի Հունգարիոյ տարածքով։ Ուստի, Հունգարիա նոյնպէս կը շահի այս իրավիճակէն։ Մենք ուրախ ենք, որ Հունգարիա կը դառնայ լուծման մաս, այլ ո՛չ թէ խնդրի՝ Եւրոպայի ուժանիւթամատակարարման առումով», ըսաւ վարչապետը։

Հունգարիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ աւելի վաղ յայտնած էր, որ իր երկիրը, Ռումանիա, Պուլկարիա եւ Սլովաքիա խնդրած են Եւրոյանձնաժողովէն՝ միջոցներ յատկացնել դէպի Եւրոպա Ատրպէյճանէն կազի մատակարարման ենթակառուցուածքներու զարգացման համար, որովհետեւ սա կը բխի ամբողջ տարածաշրջանի շահերէն։ Ըստ նախարարին, այսպէսով պարզ պիտի դառնայ, թէ արդեօք ԵՄ պատրա՞ստ է մատակարարումներու բազմազանացման մասին խօսակցութիւններէն անցնիլ դէպի այդ բանի իրականացման իսկական քայլերու։

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023