Երկուշաբթի 9, Դեկտեմբեր 2024
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրնկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Գանատայի մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Տանաճեանը եւ ատենադպիր Յակոբ Արսլանեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկեցին Արցախի եւ Սփիւռքի կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղին կողմէ վերջերս հիմնադրուած հայ-գանատական քաղաքական կոմիտէի գործունէութեան շրջանակներէն ներս Արցախի վերաբերեալ նախաձեռնութիւններու իրագործման հնարաւորութեան։
Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015