Ժիրայր Րէիսեան Կը Մասնակցի Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Սու­րիոյ մէջ այս օ­րե­րուն կը պատ­րաս­տուին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, եւ օ­րէնս­դիր մարմ­նին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու­նե­նա­լու գոր­ծըն­թա­ցէն ան­մասն չէ նաեւ հայ­կա­կան հա­մայն­քը: Խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու քա­րո­զար­շա­ւը մեկ­նար­կած է մէկ օր ա­ռաջ, իսկ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­յա­նան Ապ­րիլ 13-ին:

Բե­րիոյ Թե­մի մա­մու­լի քար­տու­ղար Ժի­րայր Րէի­սեան նոյն­պէս ա­ռա­ջադ­րուած է որ­պէս թեկ­նա­ծու խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

«Հա­յե­րէն շուրջ քսան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած է ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, բայց հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը այ­սօր կեդ­րո­նա­ցած են մէկ ան­ձի վրայ որ­պէս միա­ցեալ թեկ­նա­ծու եւ այդ թեկ­նա­ծուն ես եմ: Կեան­քը սո­վո­րա­կան է, բնա­կա­նա­բար, ինչ­պէս գի­տէք, գոր­ծի կը դրուին քա­րո­զար­շա­ւի բո­լոր մի­ջոց­նե­րը: Հայ­կա­կան հա­մայն­քը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ գոր­ծըն­թա­ցին, եւ բնա­կա­նա­բար յու­սանք, որ կ՚ու­նե­նայ իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը խորհր­դա­րա­նին մէջ», Panorama.am-ի թղթա­կի­ցին յայտ­նած է Րէի­սեան:

Միւս կող­մէ, Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի հրա­մա­նով, Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 2016-ի Ապ­րիլ 13-ին: Յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան երկ­րոր­դը Սու­րիոյ մէջ զի­նեալ հա­կա­մար­տու­թեան սկսե­լէն ի վեր: Սու­րիոյ մէջ վեր­ջին ան­գամ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ կա­յա­ցած էին 2012-ի Մա­յի­սին: Այդ  ժա­մա­նակ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած էր ընտ­րե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն 51 տո­կո­սը:

Սու­րիոյ օ­րէնս­դիր մարմ­նի ան­դամ­նե­րուն ընդ­հա­նուր թի­ւը 250 է:

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2016