Արցախը ԶանազանութիւնՆԵՐԸ Զբօսաշրջութեան Ոլորտին Մէջ

Ար­ցա­խը զա­նա­զա­նու­թիւն կը մտցնէ զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նի մէջ. բա­ցի կրօ­նա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը զար­գաց­նել, զարկ կը տրուի զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տին մէջ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րը իբ­րեւ զբօ­սաշր­ջա­յին ար­դիւնք ներ­կա­յաց­նե­լու գոր­ծըն­թա­ցին:

Ար­ցա­խի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Զբօ­սաշր­ջու­թեան վար­չու­թեան ծրագ­րե­րու վա­րիչ Ին­նա Սիմո­նեան նշած  է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այդ ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը կու տայ իր ար­դիւն­քը: Այ­սօր հա­մա­պա­տաս­խան են­թա­կա­ռու­ցուածք­ներ ու­նե­ցող բազ­մա­թիւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րեր կ՚ու­նե­նան զբօ­սաշր­ջա­յին մեծ հոսք:

«Ո­րե­ւէ յայտ­նի պատ­մ­ամշակու­թա­յին վայր՝ ըլ­լայ Գան­ձա­սա­րը, Տիգ­րա­նա­կեր­տը, Ա­մա­րա­սը, տա­րուան ըն­թաց­քին կ՚ըն­դու­նի բա­ւա­կան մեծ թի­ւով զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հոսք: Ե­թէ հինգ տա­րի ա­ռաջ ու­նէինք մաս­նա­ւո­րա­պէս կրօ­նա­կան ու­ղուա­ծու­թեան յու­շար­ձան­ներ՝ ե­կե­ղե­ցի­ներ, վան­քեր, ուր կ՚այ­ցե­լէին զբօ­սաշր­ջիկ­ներ, այ­սօր, սա­կայն, Ար­ցա­խի մէջ զբօ­սաշր­ջա­յին ար­դիւն­քը բա­ւա­կան զա­նա­զա­նե­ցուած է: Տիգ­րա­նա­կեր­տի պե­տա­կան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լո­ցին մէջ, Տո­ղի մե­լի­քա­կան ա­պա­րան­քին մէջ, Հու­նո­տի կիր­ճին եւ այլ վայ­րե­րու մէջ ստեղ­ծուած են  բա­րենպաստ պայ­ման­ներ, կան հա­մապա­տաս­խան են­թա­կա­ռու­ցուածք­ներ, կ՚ի­րա­կան­ցուին բա­րե­կարգ­ման աշ­խա­տանք­ներ, որ կը նպաս­տէ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցին», ը­սած է ան:

Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րը զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տին մէջ իբ­րեւ ա­ռան­ձին ար­դիւնք ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար՝ այս տա­րի նա­խա­տե­սուած է զգա­լի աշ­խա­տանք: Ար­ցա­խի շարք մը պատ­մամշակուածին վայ­րե­րու մէջ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած են ծրագր­եր, ո­րոնք Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն հաս­տա­տած է:

2017 թուա­կա­նին կա­ռա­վա­րու­թեան հաս­տա­տած ծրագ­րին ծի­րէն ներս պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին Տող գիւ­ղի պա­լա­տա­կան հա­մա­լի­րի եւ շրջա­կայ տա­րած­քի վե­րա­կանգ­ման ու բա­րե­կարգ­ման աշ­խա­տանք­ներ: Ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին պի­տի ըլ­լան նաեւ Տու­մի գիւ­ղի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգն­ման, ինչ­պէս նաեւ Աս­կե­րա­նի բեր­դի պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Միա­ժա­մա­նակ պի­տի կա­տա­րուին յու­շար­ձան­նե­րու մաքր­ման, ա­նոնց տա­րածք­նե­րու բա­րե­կարգ­ման եւ կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­ներ: Ին­նա Սի­մո­նեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Աս­կե­րա­նի բեր­դի պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դէն ըն­թաց­քի մէջ են:

Դեռ 2016 թուա­կա­նին յու­շար­ձան­նե­րու վե­րա­կանգն­ման ո­լոր­տին մէջ աշ­խա­տանք­ներ տա­րուած են Տող գիւ­ղին մէջ՝ «Տո­ղի մե­լի­քա­կան ա­պա­րանք» պե­տա­կան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լո­ցի տա­րած­քին եւ Աս­կե­րա­նի բեր­դին մէջ:

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­ցա­խի Թե­մի միջ­նոր­դու­թեամբ եւ բա­րե­րար­նե­րու մի­ջոց­նե­րով վե­րա­կանգ­նուած են Շա­հու­մեա­նի շրջա­նի Դա­դի­վան­քի շրջա­կայ­քը գտնուող չորս մա­տուռ­նե­րէն եր­կու­քը, իսկ միւս մա­տուռ­նե­րու եւ Դա­դի­վան­քի գլխա­ւոր մուտ­քի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին եւ ա­ւար­տին պի­տի հաս­ցուին 2017 թուա­կա­նին:

Ին­նա Սի­մո­նեան նշած է, որ ի­րենց ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին է նաեւ բնու­թեան վայ­րե­րու զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հար­ցը: Այդ նպա­տա­կով կը շա­րու­նա­կուի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը «Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» հիմնադրամին հետ։ Խնդիր դրուած է բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վել ներդ­րող­նե­րու հա­մար:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017