ՓԱՐԻԶԻ ԴԷՄ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Ֆրանսայի դէմ, որ որոշած է զօրք ուղարկել Մենպիչ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը Փարիզի իշխանութիւններու այս որոշման դէմ կը բողոքէ՝ այդ մէկը նկատելով զօրակցութիւն ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ մերժելի կը համարուին լրջութենէ հեռու այն մօտեցումները, որոնց նպատակն է միջնորդութիւն կատարել Թուրքիոյ եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու միջեւ։

Իր կարգին, Էրտողանն ալ նշեց, որ Ֆրանսայի դիրքորոշումը ցաւալի է եւ Մաքրոն կ՚ըսէ այնպիսի բաներ, որոնք վեր են իր չափէն ու սահմանէն։

 

Շաբաթ, Մարտ 31, 2018