ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին իրականացնել տարածքաշրջանային նոր այցելութիւն մը։ Այսպէս, յառաջիկայ շուրջ տասն օրերուն ընթացքին, եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հակլընտ (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ շփումներ պիտի ունենան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ։ «Եռանախագահները տասն օրէն պիտի ըլլան Երեւանի մէջ։ Անոնք կը փափաքին նաեւ երթալ Ստեփանակերտ։ Չեմ կրնար ըսել, թէ արդեօք Ատրպէյճանի մէջ պատրաստ պիտի ըլլա՞ն ընդունիլ եռանախագահները, բայց անոնք տասն օրէն պիտի ըլլան տարածքաշրջանի մէջ Երեւան եւ Ստեփանակերտ», ըսաւ Նալպանտեան։

Երէկ, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր այցելեց Երեւան, ուր տեսակցեցաւ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Նալպանտեան եւ Զանիէր սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Նալպանտեան յայտնեց, որ նոյնիսկ առանց հետաքննութեան դրութեան ակնյայտ է, թէ ո՛վ կը խախտէ հրադադարը։ Զանիէրի հետ զրուցելու ընթացքին Նալպանտեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, ըստ որու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք  է լուծուի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։ Նախարար Նալպանտեան այդ յայտարարութիւնը որակեց անհեթեթ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017