ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվըտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած նիստը տեւեց 3 ժամ 15 վայրկեան։

Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ ամսուան ընտրութիւններէն վերջ նախագահական կառավարման համակարգը վերջնականօրէն պիտի հաստատուի երկրէն ներս՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ վերջին անգամ ժողով մը գումարեց այժմու կառուցուածքով, այսինքն վարչապետի մասնակցութեամբ։ Այսպէս, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ վերջին անգամ այդ հանգամանքով մասնակցութիւն բերաւ նիստին։

Խորհուրդի ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ հինգ կէտերէ բաղկացեալ զեկոյց մը։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ ընտրութիւններու անդորր ու ապահով միջավայրի մը մէջ իրականացման համար ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն շուրջ տեղեկութիւններ ստացած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018