ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Թիֆլիզ։ Երէկ, ան հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ։ Ողջունելով Փաշինեանը՝ Մարկվելաշվիլի ուրախութիւն յայտնեց հանդիպելով Հայաստանի ժողովրդավար վարչապետին հետ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այցելութիւնը նոր երանգ կու տայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, որոնք ունին բազմադարեայ պատմութիւն։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ իմ այցելութիւնը Վրաստան կը կայանայ մեր երկրի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական զարգացումներու ֆոնին։ Համոզ-ւած եմ, թէ ժողովրդավարութիւնը մեր երկիրներու համար ունի կենսական նշանակութիւն։ Մեր ժողովուրդներու համոզումը երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ հիմնուած է սիրոյ եւ համերաշխութեան վրայ ու մենք ջանք չենք խնայեր անոնց նոր թափ հաղորդելու համար»։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ մէկտեղուեցաւ նաեւ վրացահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք մեծ համակրանքով ողջունեցին զինքը։ Իր ներկայութեամբ Թիֆլիզի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին ձօնուած յուշատախտակ մը։ Նոյն յոբելեանին առթիւ Նիկոլ Փաշինեա-նի մասնակցութեամբ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Հայաստանի վարչապետը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Խոջիվանքի պանթէոնը, ուր իր խոնարհումը բերաւ հայ մտաւորականներու յիշատակին առջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան Թիֆլիզի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները աւելի պիտի ամրապնդուին։ Միեւնոյն ժամանակ ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի բեռնափոխադրումներուն համար ճակատագրական նշանակութեամբ Լարսի անցքին այլընտրանքը հնարաւորինս արագ պիտի օգտագործուի։ Փաշինեան նշեց, որ Թիֆլիզի շփումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է այս խնդրին։ Վարչապետը նշեց, որ իր մօտեցումը դրական է, պայմանագրերը ստորագրուած են ու կը մնայ ծրագիրը գործադրել։

Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլին ալ յայտնեց, որ Հայաստանի կայունութիւնը եւ ժողովրդավարական զարգացումը չափազանց կարեւոր կը համարուին իր երկրին տեսակէտէ։ Փաշինեան Երեւան այցելել հրաւիրեց իր վրացի պաշտօնակիցը։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018