ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Յունիսի 2-4 թուականներուն միջեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Fashion Forum Yerevan 2018-ը՝ նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ յառաջ տանելու առաքելութեամբ: Համաժողովը կը կազմակերպէ «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ «Նորաձեւութեան եւ ձեւաւորումի պալատ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:

Միջոցառման պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունիսի 2-ին, Երեւանի Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ՝ «Նոյի սերունդները» հանրաճանաչ եւ սկսնակ հայ ձեւագէտներու հագուստներու ցուցադրութեամբ:

Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքի, Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըր եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց: Fashion Forum Yerevan 2018-ին կ՚աջակցի Եւրոպական Միութիւնը. «ԵՄ-ն՝ գործարարութեան համար» «Աջակցութիւն փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման Հայաստանի մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս, որ կը գանձատրուի Եւրոպական Միութեան եւ Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան կողմէ եւ կ՚իրականացուի Գերմանիոյ Միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան Մասնաւոր հատուածի զարգացումը Հարաւային Կովկասի մէջ ծրագրի շրջանակին մէջ:

Fashion Forum Yerevan 2018-ը եզակի հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հանդիպելու նորաձեւութեան ոլորտի յառաջատար ներկայացուցիչներու, մասնագէտներու հետ եւ ուսումնասիրելու միջազգային փորձը: Սա առաջին քայլն է դէպի միջազգային նորաձեւութեան հարթակ, ուր գիտելիքը եւ կապերը յաջողութեան բանալի են:

Համաժողովին պիտի մասնակցին եւ իրենց փորձով պիտի կիսուին նորաձեւութեան ոլորտի միջազգային յայտնի փորձագէտներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018