ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու հերթական փուլը կ՚իրականանայ դարձեալ Արեւմուտքի միջնորդութեամբ՝ ի շարունակութիւն մօտաւոր անցեալի խտացեալ ու բարձր մակարդակի որոնումներուն։ Թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի բարձրաստիճան պաշտօնատարները այս շրջանին կը շփուին յաճախակիօրէն։ Թէեւ այդ շփումներուն արդիւնքով ստեղծուած լաւատեսութիւնը չ՚ունենար իր տրամաբանական շարունակութիւնը դաշտի վրայ, սակայն, տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին մէջ բանակցութիւններու չընդհատուիլն ալ անանտեսելի իմաստ մը ունի։

Մոլտաւիոյ տանտիրութեամբ, Քիշինեւի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակին մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական հանդիպումը։ Քիշինեւի եռակողմանի բանակցութիւնները պիտի ստանան նաեւ հնգակողմանի գագաթաժողովի մը բնոյթը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ։ Հերթական շփումներուն ընդառաջ Շարլ Միշել տեղեկացուց, որ անհրաժեշտ է Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն կողմէ համարձակ որոշումներու առնուիլը։ Ան վաղուան հանդիպման կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը յոյս յայտնեց, թէ հանդիպումը հնարաւորութիւն կու տայ շարունակել քննարկումները՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Իր խօսքով՝ անհրաժեշտ է վերահաստատել յարգանքը իրարու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, յառաջխաղացում արձանագրել սահմանազատման հարցին մէջ, նաեւ նուազեցնել սահմանային շրջաններու ռիսքերը։ «Այժմ կենսական է Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքի բնակիչ հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը անոնց իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան վերաբերեալ», նշեց Շարլ Միշել եւ մատնանշեց, որ կարեւոր է զերծ մնալ առաւելապաշտ դիրքորոշումներէ ու ձգտիլ երկխօսութեան։ Ան համոզուած է, թէ հակամարտութեան առաւել քան 30 տարիներէն յետոյ ժամանակ պէտք է, որպէսզի վէրքերը սպիանան։

Քիշինեւի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ հերթական անգամ արտայայտեց իր վերաբերմունքը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Քիշինեւի մէջ շինիչ հանդիպում մը կ՚ակնկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլլըր շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ կողմերու ջանքերուն՝ հասնելու համար տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրին։ Բանբերը Քիշինեւի մէջ շինիչ հանդիպում մը կ՚ակնկալէ՝ բանակցային սեղանի առկայ խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման տեսանկիւնէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2023