ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՊԱՆԿՔՈՔԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերու ներածումը կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անհանգստութեան պատճառ դառնալ։ Ուաշինկթըն ներկայիս Անգարայէն յամառօրէն կը պահանջէ այդ համակարգերը գործնական օգտագործման վիճակի չբերել։ Երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ առկայ մթնոլորտին մէջ խտացեալ ձեւով կը փոխանակուին պատգամներ զանազան հարթութիւններու վրայ։

Այս իրավիճակին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հերթական անգամ յայտարարեց, որ «Ս-400» հրթիռային համակարգերը խնդրայարոյց պիտի չըլլան ՆԱԹՕ-ի տեսակէտէ։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ Պանկքոքի մէջ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Թայլանտի մայրաքաղաքը՝ Պանկքոքի մէջ կազմակերպուած է հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու միութեան մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու 52-րդ հաւաքը։ Այս հաւաքի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Չավուշօղլուի եւ Լաւրովի հանդիպումը։ Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Չավուշօղլու նշեց, որ «Ս-400»ներու հարցը առաւել չափով Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներու միջեւ կը համարուի։ Արդարեւ, անոնք ՆԱԹՕ-ի տեսակէտէ խնդրայարոյց չեն համարուիր, ինչ որ հասկնալի դարձած է նաեւ դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի եւ անոր տեղակալի յայտարարութիւններով։ Թուրքիա արդէն ՆԱԹՕ-ի գործունէութեան կը բերէ իր նպաստը բազում բնագաւառներու մէջ։

Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ կացութեան։ Վաղը Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթանի մէջ պիտի սկսին Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ երկօրեայ բանակցութիւններ, որոնց օրակարգին վրայ պիտի գտնուին բաւական նուրբ նիւթեր։ Այս ամբողջին մէջ պիտի քննարկուի նաեւ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացը։ Այս ուղղութեամբ կը նախատեսուի յանձնաժողովի մը ձեւաւորումը։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա եւ Ռուսաստան միասնաբար կ՚աշխատին այդ յանձնաժողովի հռչակման եւ երկրի նոր սահմանադրութեան մշակման համար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019