ԲԱՐՁՐ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ, կառավարութեան որոշումով կը նախատեսուի երկու ռազմական գործարաններու միացումը։ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան հաղորդումներով, երկու գործարաններու վերակազմակերպումով պիտի միանան եւ այս ծրագրի արդիւնքին պետութիւնը հարիւր տոկոս սեփականատէրը պիտի դառնայ նոր ստեղծուելիք ընկերութեան մը։ Այս նախաձեռնութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ՝ որպէսզի այդ ընկերութիւնը ներգրաւուի ռազմաարդիւնաբերական զարգացման պետական ծրագրերուն մէջ։ Այս ընկերութիւնը առաւել յստակ եւ գործնական ձեւով պիտի կարենայ մասնակցիլ այն բանակցութիւններուն, որոնք միջազգային պայմանագրերու շրջանակներէն ներս համատեղ ձեռնարկութիւններու ստեղծման գործընթացներուն կը վերաբերին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան կառավարութեան ժողովին ընթացքին տեղեկացուց, որ սոյն որոշման նպատակն է երկու ընկերութիւններու արտադրական եւ զօրահաւաքային հզօրութիւններու միաւորման միջոցաւ արդիւնաւէտ դարձնել ռազմական ապրանքներու վերանորոգման եւ արդիականացման գործընթացը։ Սա կառավարութեան քաղաքականութեան իրականացման ուղղեալ որոշում մըն է՝ բարձրացնելու համար պետական մասնակցութեամբ ձեռնարկութիւններու արդիւնաւէտութիւնը։

Նոր նախատեսուած ընկերութիւնը պիտի կոչուի «Գառնի-Լեռ»։ Այն երկու գործարանները, որոնք պիտի ընդգրկուին այս նորաստեղծ ընկերութեան մէջ, կ՚իրականացնեն հրաձգային զէնքերու, հրետանիի առանձին համակարգերու նորոգութիւն, ինչպէս նաեւ զօրքերէ ներս թեքնիկ սպասարկման աշխատանքներ, նաեւ ռազմաօդային ուժերու համար զանազան միջոցներու արտադրութիւններ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017