ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Այս առաւօտ ժամը շուրջ 07.40-ին պայթում մը տեղի ունեցաւ Իզմիրի մէջ։ Քաղաքի Պուճա գաւառակէն ներս, «Տենիզքենթ» սիթէի մօտակայքին պատահեցաւ այս դէպքը։ «Տենիզքենթ»ի աղբամանին մէջ զետեղուած ռումբը հեռակայ դրութեամբ պայթեցուեցաւ՝ երբ այնտեղէն ծառայողական օթօպիւս մը կ՚անցնէր։ CNN Türk-ի հաղորդումներով, պայթումի պահուն օթօպիւսի մէջ կը գտնուէին նուազ թիւով ուղեւորներ։

Պայթումէն վերջ անմիջապէս դէպքի վայր ուղարկուեցան անվտանգութեան եւ առողջապահութեան ծառայութիւններէն հոծ թիւով պաշտօնեաներ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017