ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՀԱՅՐԵՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն բոլորած է իր գործունէութեան քառորդ դարը։ Յոբելենական ներկայ շրջանին Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հետ։ Ստորեւ կ՚արտատպենք Գէորգ Չիչեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած այս տեսակցութիւնը։

*

-Պարոն Վարդանեան, ե՞րբ ստեղծուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւ ո՞րն է հիմնադրամի առաքելութիւնը:

-«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստեղծուած է 1992 թուականի Մարտ 3-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով՝ որպէս եզակի կառոյց մը, որ կոչուած է համախմբելու Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ ապրող բոլոր այն հայերն եւ անոնց համախոհները, որոնք պատրաստակամ են իրենց ջանքերը ուղղելու նորաստեղծ հայկական երկու հանրապետութիւններու կայուն զարգացման: Այդ ժամանակ Սփիւռքը պատրաստ էր օգնելու Հայաստանին եւ Արցախին, հայկական համայնքներուն տարբեր դրամահաւաքներ կը կազմակերպուէին, բայց չկար զանոնք ուղղորդող մարմին, որ կարենար այդ գումարները ճիշդ տնօրինել:

Շուկայական յարաբերութիւններու հաստատման բարդութիւններուն զուգահեռ՝ անհրաժեշտ էր նաեւ բազում հիմնախնդիրներ յաղթահարել, որոնք պետութեան առջեւ ծառացած էին 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի, երկրի շրջափակման եւ արցախեան պատերազմի հետեւանքով:

-Ներկայացուցէք խնդրեմ, հիմնադրամի քսանհինգ տարուան անցած ուղին:

-Այս տարիներուն ընթացքին շատ լուրջ ձեռքբերումներու հասած ենք: Իսկ ամենամեծ նուաճումը կը համարենք նուիրատուներու քանակը. ունինք 700 հազար նուիրատու, որոնց շնորհիւ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ 500 հազար քաղաքացիի կեանքին մէջ կրցած ենք դրական փոփոխութիւն մտցնել: Հիմնադրամի քսանհինգ տարուան ուղին կը բնութագրուի իրարու յաջորդող մեր հայրենիքի համար կենսական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բազմաբնոյթ ծրագրերով:

Ճանապարհներու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու, հիւանդանոցներու, ջրագիծերու ու կազատարներու կառուցման զուգահեռ՝ օժանդակութիւն ստացած են բազմաթիւ սոցիալապէս խոցելի խումբեր, ներառեալ՝ ազատամարտիկներու ընտանիքներ, անապահով ընտանիքներու ուսանողներ: Աշխարհասփիւռ հայութեան նուիրատուութիւններով այսօր մեր հարիւր հազարաւոր հայրենակիցներ ունին տուն, ջուր, կազ, ջեռուցում, բարեկեցիկ կեանքի պայմաններ:

Քսանհինգ տարիներուն ընթացքին կրցանք կարեւոր նշանակութեամբ ծրագրեր իրականացնել: Հիմնադրամին վստահուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած խնդիրներու լուծումը: Մէկը միւսին յաջորդեցին Գորիս-Ստեփանակերտ, ապա Արցախի մէջ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիներու կառուցումը: Արդէն կ՚աւարտենք Հայաստանը Արցախին կապող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցումը, որ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ ապացուցեց իր անգնահատելի դեր ունենալու փաստը. մարդիկ այդ ճանապարհով Հայաստանէն Մարտակերտ կը մեկնէին:
Վերջինս ճանապարհային ցանց ապահովեց Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան քաղաքներուն եւ գիւղերուն միջեւ՝ մեծապէս նպաստելով երկրին մէջ տնտեսութեան զարգացման: Ճանապարհաշինութեան զուգընթաց՝ հիմնադրամը ստանձնեց նաեւ համայնքային զարգացման նպատակային ծրագիրներ՝ կառուցելով ու վերակառուցելով դպրոցներ, բոյժ-հաստատութիւններ, ջրամատակարարման ու կազամատակարարման համակարգեր, ելեկտրահաղորդագիծեր, մշակութային հաստատութիւններ եւ այլն:

Աղէտի գօտիին մէջ հիմնադրամը ձեռնամուխ եղաւ բնակարանաշինութեան՝ 1988-ի երկրաշարժէն անօթեւան մնացածներուն կացարաններ ապահովելով Կիւմրիի, Վանաձորի, Ստեփանաւանի, Սպիտակի մէջ:

Մէկ խօսքով՝ հիմնադրամը կրցած է ճանչցուիլ ողջ հայութեան կողմէ, քանի որ իր ծրագրերուն մէջ միշտ եղած է արդիական ու սպասուած: Հիմնադրամը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան՝ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնական ջանքերն ուղղելով մեր երկրի վերակառուցման ու ամրապնդման:

-Եկէ՛ք թուապատկերի միջոցով խօսինք կատարուած աշխատանքներուն մասին:

-Շատ լաւ: Նախ եւ առաջ ըսեմ՝ հիմնադրամը այն եզակի կառոյցներէն է, որ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ աշխատանքներ կը կատարէ: Ներկայացուող տուեալները, անշուշտ, Հայաստանի եւ Արցախի կատարուած աշխատանքներուն մասին է: Եւ այսպէս. հիմնադրամը կեանքի կոչած է աւելի քան 330 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագրեր, իրականացուած է 1.100 խոշոր (ընդհանուր առմամբ՝ 50.000) ծրագիր, ունինք 700 հազար նուիրատու Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

Կառուցուած, վերակառուցուած եւ իրականացուած են 605 քմ. ճանապարհ, 580 քմ. ջրագիծ ու ջրատար, 149 քմ. կազամուղ, 70 քմ. ելեկտրագիծ, 359 դպրոց ու մանկապարտէզ, 24 համայնքային կեդրոն, 480 տուն ու բնակարան, 75 առողջապահական հաստատութիւն, 58 մշակոյթի ու մարզական կեդրոն, 100 ջերմոց, 169 կրթական, մշակութային ու գիտական ծրագրեր:

Այսօր ալ նոյն քայլերով կը շարունակենք աշխատիլ, սակայն աւելցուցած ենք աշխատատեղերու ստեղծման եւ տնտեսական զարգացման գործօնը. պէտք է ներդրումներ կատարել յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ: Հարկ է նշել Տաւուշի մարզին մէջ արդէն 6 տարի իրականացուող ջերմոցներու կառուցման լայնածաւալ ծրագիրը, որուն գլխաւոր հովանաւորը հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինն է: Այս ձեռնարկին վերջերս միացած է նաեւ աւստրալահայ համայնքը:

Տաւուշի մարզին մէջ կառուցած ենք աւելի քան 100 ջերմոց: Իւրաքանչիւր ջերմոց նախատեսուած է մէկ ընտանիքի համար, որ բաւարար պայմաններ կը ստեղծէ այդ ընտանիքի կենցաղային, առօրեայ խնդիրները լուծելու համար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կարեւոր ծրագրերէն էր արժանթինահայ բարերարներ Տեւեճեան, Էքզերճեան ընտանիքներու եւ Գիրգոր Շիմշիրօղլուի ֆինանսաւորմամբ Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մէջ հնդկաձաւարի գործարանի կառուցումը, որ նոր մշակոյթ է հայկական գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ: Այս տարի կը սկսինք նաեւ արեւային ուժի ստացման նոր ծրագրի մը: Փորձարկման սկսած ենք Տաւուշի մարզի քանի մը գիւղի մէջ: Յաջորդ տարուընէ Արցախի գրեթէ բոլոր գիւղերու դպրոցներու, համայնքային կեդրոններու, մանկապարտէզներու տանիքներուն պիտի տեղադրենք արեւային մարտկոցներ, որպէսզի զերոյացնենք ելեկտրականութեան ծախսերը:

Առհասարակ, մեր ծրագրերը բաժնուած են երկու մասի՝ գլխաւոր դրամահաւաքի թեման, որ իւրաքանչիւր տարի կը հաստատէ հոգաբարձուներու խորհուրդը, եւ բարերարներուն կողմէ առաջարկած յատուկ՝ նպատակային ծրագրերը: Այդ ծրագրերը պատրաստակամօրէն կը կատարենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Հիմնադրամը երկու տեսակի՝ ֆինանսական եւ ֆիզիքական միջազգային հաշուեքննութենէ կ՚անցնի: Մենք որդեգրած ենք բաց եւ թափանցիկ գործելաոճը, եւ ճիշդ այդ է մեր յաջողութեան գրաւականը:

-Հիմնադրամի ստեղծումը ինքնին ուղղուած էր Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան ձեւաւորման: Հե՞շտ եղաւ շահիլ սփիւռքահայերու վստահութիւնը եւ զանոնք համագործակցութեան կանչել:

-Հիմնադրամին հետ համագործակցութեան շնորհիւ բազմաթիւ սփիւռքահայեր սերտացուցին կապը հայրենիքի հետ՝ չկորսնցնելով ազգային ինքնութիւնն ու կառչած մնացին սեփական արմատներուն: Եղած են հայեր, որոնք երբեք չէին այցելած Հայաստան, Արցախ, եւ մեր ջանքերով՝ եկան տեսնելու իրենց հայրենիքը:

Խնդիրները շատ են: Յոյսով եմ, թէ՛ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, թէ՛ հիմնադրամի ծաւալած գործունէութեամբ ամէն ինչ կ՚ընենք այդ ամէնը յաղթահարելու եւ Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութիւնը առաւել զարգացնելու համար:

-Այժմ խօսինք Հոգաբարձուներու խորհուրդի մասին:

-Հիմնադրամի իւրայատկութիւններէն է նաեւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմը, որուն մէջ ներառուած են հայկական եկեղեցիներու, աւանդական կուսակցութիւններու, բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, անհատ բարերարները՝ ապահովելով բազմաշերտ ներգրաւուածութիւն:

Ըստ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կանոնադրութեան՝ հիմնադրամի բարձրագոյն ղեկավար մարմինը Հոգաբարձուներու խորհուրդն է, որուն նախագահն ի պաշտօնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է: Խորհուրդի կազմին մէջ են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարքը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Հայաստանի եւ Արցախի վարչապետները, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի, Ազգային ժողովի եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահները, նախարարներ, երեք աւանդական կուսակցութիւններու, խոշոր բարեգործական կազմակերպութիւններու՝ ՀԲԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ղեկավարները, սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներ ու գործիչներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

-Սփիւռքի հայկական համայնքներուն մէջ տեղական քանի՞ մարմին կը գործէ:

-Քսանհինգ տարիներուն ընթացքին բացած ենք խորհրդանշական 25 տեղական մարմին՝ աշխարհի 22 երկրի մէջ, որոնք ներկայիս կը գործեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ, Ֆրանսայի, Գանատայի՝ Թորոնթոյի եւ Մոնթ-րէալի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ, Շուէտի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Արժանթինի՝ Պուէնոս Այրէսի եւ Քորտոպայի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Ուրուկուայի, Ռումանիոյ, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Իրանի եւ Իտալիոյ մէջ:

Տեղական մարմինները սերտօրէն կը համագործակցին իրենց երկիրներու հայ համայնքի եկեղեցական, հասարակական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներուն եւ գործիչներուն հետ: Հիմնադրամի՝ Երեւանի մէջ գործող գործադիր վարչութիւնը եւ աշխարհասփիւռ տեղական մարմինները հաշուետու են Հոգաբարձուներու խորհուրդին:

-Հիմնադրամին համար առանցքային նշանակութիւն ունի Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուող ամէնամեայ հեռուստամարաթոնի իրականացումը: Միայն այս միջոցո՞վ հնարաւոր կ՚ըլլայ դրամահաւաք կազմակերպել:

-1996-էն սկսեալ Լոս Անճելըսէն հեռարձակուող ամէնամեայ հեռուստամարաթոնը հանրագումարին կը բերէ  տարուան ընթացքին Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ հաւաքագրուած գումարները, հաշուետուութիւն ներկայացնելով նուիրատուներուն, եւ հայութիւնը համախմբելով հայրենիքի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող ձեռնարկի շուրջ: Հեռուստամարաթոններուն հաւաքուած նուիրատուութիւնները կ՚ուղղուին Հոգաբարձուներու խորհուրդի ամէնամեայ նիստերուն հաստատուած խոշորածաւալ ռազմավարական ծրագրերու իրագործման:

Մենք աշխարհի մէջ գործող բոլոր բարեգործական (նաեւ՝ ոչ հայկական) այն եզակի կազմակերպութիւններէն ենք, որ կը կիրառէ դրամահաւաքի բոլոր ձեւերը:

Հիմնադրամի դրամական միջոցները կը գոյանան տարեկան տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուող հեռախօսամարաթոններու, ռատիօմարաթոններու, հեծանւարշաւներու, ճաշկերոյթներու հանգանակութիւններէն, բարեգործական համերգներու ու ցուցահանդէսներու հասոյթներէն, փոստային եւ SMS նուիրատուութիւններէն, անհատներու ձգած կտակներէն եւ նպատակային յատկացումներէն: Շուրջ 60 հազար ընտանիք ունինք, որոնք ամէն տարի աւանդաբար կը մասնակցին հեռուստամարաթոնին. այն դարձած է իրենց կենսակերպին մէկ մասը, իսկ Հայաստանի մէջ կան նոյնիսկ թոշակառուներ, որոնք կու գան հիմնադրամ՝ իրենց կենսաթոշակին մէկ մասը նուիրաբերելով հայրենաշինութեան գործին:

Կազմակերպուող դրամահաւաքները նաեւ սփիւռքահայ երիտասադներուն հնարաւորութիւն կու տան կապուելու Հայաստանին: Ինչպէս օրինակ՝ հեռախօսամարաթոնի ժամանակ անոնց կը վստահուի նուիրատուներու հեռախօսազանգերուն պատասխանելը. այս գործօնը անոնց՝ յետագային Հայաստան այցելելու եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուելու կարեւոր ազդակ կը հանդիսանայ:

-Ինչպէ՞ս կ՚որոշուի հեռուստամարաթոնի բուն թեման:

-Իւրաքանչիւր տարի Մայիս ամսուն տեղի կ՚ունենայ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդին նիստը, որուն ընթացքին Երեւանի մէջ գործադիր վարչութիւնը կատարուած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ: Նիստի ժամանակ Հոգաբարձուներու խորհուրդը կը սկսի քննարկել դրամահաւաքի գլխաւոր թեման: Հոգաբարձուներու անդամներէն իւրաքանչիւրը կրնայ առաջարկ ներկայացնել, որմէ յետոյ այդ առաջարկներէն քուէարկութեան արդիւնքով կ՚ընտրուի գլխաւոր թեման:

-Որ՞ն է ձեր կոչը համասփիւռ հայերուն:

-Հիմնադրամը ինքնին ապացուցեց, որ ազգային համախմբուածութեան շնորհիւ կրնանք մեր կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ մտցնել եւ լուծել մեր առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները, միայն պէտք է հաւատալ մեր ուժերուն եւ շարունակել ազգանպաստ այս գործը՝ ի շահ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հզօրացման: Յիշենք, որ հայ մնալու լաւագոյն միջոցը հայրենաշինութեան գործին մասնակցիլն է:

Անշուշտ, անհիմն մեղադրանքները շատ են, բայց մենք արդար ճանապարհով կ՚ընթանանք: Պէտք է հասկնանք, որ Արցախի մէջ կատարուող իւրաքանչիւր ներդրում նաեւ քաղաքական նշանակութիւն ունի. դեռ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու խնդիր ունինք, որ Արցախը եղած է եւ կը մնայ հայկական տարածք: Իսկ ցոյց տալու այդ ձեւերէն մէկն ալ այդ հողին վրայ որեւէ գործ ընելն է:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017