ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐԵՐ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է՝ «Դուն ի՞նչ կ՚ընես Արցախի համար» շարժման շրջանակներէն ներս Հայաստան ժամանած Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ որոնց կարգին էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Յակոբեան ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը՝ կարեւորեց Գանատայի հայ համայնքի համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ, որու արդիւնքին համայնքը շարունակաբար իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Արցախի թէ՛ Պաշտպանութեան բանակին, թէ՛ բոյժ-հիմնարկներուն եւ թէ սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան: Յակոբեան Սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրեր յանձնեց գանատահայեր Գրիգոր Տէր-Ղազարեանին, Վարուժան Մանճեանին, Գրիգոր Գույումճեանին, Լեւոն Պենկեանին, Օհան Տապակեանին եւ Վարդի Դանիէլեանին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017