ՊԱՏԿԵՐԱԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

«Հնչիւն եւ լռութիւն. երաժիշտը եւ նուագարանը դարերու հոլովոյթին մէջ» ժամանակաւոր ցուցադրութեան փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան թանգարան-կաճառին մէջ։

«Հնչիւն եւ լռութիւն. երաժիշտը եւ նուագարանը դարերու հոլովոյթին մէջ» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուած էր Ապրիլի 7-ին։ Ցուցադրութեան իրենց աջակցութիւնը բերած էին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրը, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը, Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը, Էջմիածնի պատմա-ազգագրական թանգարանը, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Մատենադարանը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, փակման միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցաւ գիտական յօդուածներու ժողովածոյի եւ ցուցադրութեան պատկերագրքի շնորհանդէսը։ Այս առթիւ արտայայտուեցաւ Կոմիտասի անուան թանգարան-կաճառի տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեան։ «Պատկերագիրքը կը շարունակէ «Հնչիւն եւ լռութիւն» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը։ Այստեղ անգամ մը եւս անդրադարձ կը կատարուի մեր երաժշտական գործիքներուն, անոնց վարպետներուն եւ առհասարակ ուշադրութիւն կը սեւեռուի երաժշտական պատմութեան։ Վստահ եմ, որ այս նիւթը շարունակելի կ՚ըլլայ, քանի որ երաժշտական վարպետներու աշխատանքը այսօր շատ կը գնահատուի», ըսաւ թանգարան-կաճառի տնօրէնը եւ մաղթեց, որ այն վարպետները, որոնք այսօր կը ստեղծեն երաժշտական գործիքներ՝ աւելի յաճախ ըլլան թանգարաններու մէջ եւ աշխուժօրէն կրթեն մեր երիտասարդները, ինչ որ ինքնաբերաբար կրնայ դառնալ ուսուցողական գործընթաց սերունդներու համար։

Ըստ Կոստանդեանի՝ այդ փաստը կը յանգեցնէ նոր վարպետներու, ապագայ մասնագէտներու ի յայտ գալուն։ Ժողովածոն կը պարունակէ ցուցանմոյշներու պատկերագիրքը եւ գիտական յօդուածներ, ուր կը քննարկուին հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ երաժիշտին եւ նուագարաններուն առընչուող հիմնախնդիրներ՝ ըստ հնագիտական, մատենագիտական, լեզուաբանական, արուեստաբանական, ազգագրական, մշակութաբանական եւ այլ աղբիւրներու։ Ժողովածոն կ՚անդրադառնայ նուագարաններու ստեղծման եւ զարգացման պատմութեան, կենցաղավարման, գործառոյթներուն, մշակութաբանական համաթեքստին, կը լուսաբանէ երաժիշտի ու վարպետի դերը պատմութեան հոլովոյթին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017