ՄԻՇՏ ԱՆԶԻՋՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Ազգային պաշտպանութեան համալսարանի ռազմական դպրոցներու վկայականի բաշխման արարողութեան եւ «Ռոքէթսան»ի նոր կառոյցի բացման հանդիսութեան։ 30 Օգոստոսի մեծ յաղթանակի տօնի մթնոլորտին մէջ նախագահ Էրտողան այս արարողութիւններուն ընթացքին ունեցաւ ելոյթներ եւ տուաւ վճռական պատգամներ։ Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններու լոյսին տակ ընկալուեցան այդ պատգամները, որու ընթացքին Էրտողան ասպարէզ կարդաց Թուրքիոյ թշնամիներուն։ Էրտողան շեշտեց, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիա տեղի պիտի չտայ սպառնալիքներու եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել իր իրաւունքները։

Թուրքիա այս շրջանին յիշեալ տագնապին բերումով յատկապէս կը թիրախաւորէ Յունաստանը եւ Ֆրանսան։ Շաբաթավերջին Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տրուեցաւ Աթէնքի եւ Փարիզի դէմ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020