ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան նախ­կին բազ­մա­մեայ ու բազ­մա­վաս­տակ վի­ճա­կա­ւոր Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ իր մա­հուան քա­ռաս­նից լրման առ­թիւ։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­լոյս գե­րա­պայ­ծա­ռին հա­մար։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, Շիշ­լիի հայ կա­թո­ղի­կէ գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս, նո­րոգ վախ­ճա­նեալ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին շի­րի­մին վրայ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին առ Աս­տուած ա­ղօթք բարձ­րա­ցուե­ցաւ իր հոգ­ւոյն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016