ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՃԱՔԱՐԹԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ դէ­պի Էն­տո­նե­զիա։ Ճա­քար­թա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած են իր հան­դի­պում­նե­րը Էն­տո­նե­զիոյ օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Իր այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն Նալ­պան­տեան հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Ա­ՍԷԱՆ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016