ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԱԿԱԴԵՄԻԱ

Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, երկ­րի եր­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղա­քին՝ Վա­նա­ձո­րի մէջ հաս­տա­տուե­ցաւ ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միա մը։ Այս նոր մար­զա­կան հա­մա­լի­րին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Վա­նա­ձո­րի ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միան բնա­կան ու ար­հես­տա­կան խո­տա­ծած­կոյ­թով մար­զա­դաշ­տե­րու ա­ռըն­թեր կ՚ընդգր­կէ պա­տա­նի մար­զիկ­ներ հասց­նե­լու, պատ­րաս­տե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ բո­լոր բա­ժան­մունք­ներն ու սար­քա­ւո­րում­նե­րը։ Տղա­քը կ՚աշ­խա­տին մաս­նա­ւոր մար­զիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016