ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի մէջ կը նորոգուի Արտաւազիկ եկեղեցին, որ կառուցուած է 7-րդ դարուն։ Ան կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղին մէջ։ Այստեղ վերականգնման աշխատանքներ առաջին անգամ կ՚իրականացուին։ Աշխատանքները սկսած են ամիս մը առաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան լրագրողներու հետ միասին նախընթաց օր Արտաւազիկի մէջ էր։

Առաջին առթիւ արտայայտուեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Արմէն Աբրոյեան։ «Եկեղեցւոյ յատակը մասնակի տեղահանուած է. շինարարները վերականգնած են անոր մէկ մասը։ Գետնախարիսխներէն որոշ հատուածներ մասնակիօրէն քայքայուած են. կը նորոգենք այդ մասը։ Կանգուն մնացած պատերը, յատկապէս՝ հարաւ-արեւելեան հատուածը, ամբողջութեամբ քայքայուած էր ու այնտեղ ջուր կը ներթափանցէր՝ արագացնելով քայքայումը։ Կ՚աշխատինք լուծել նաեւ այդ հարցը։ Կը լրացուին տանիքածածկոյթի որոշ հատուածներ, կը հեռացուի ջուրի թաց կէտը, որ կը վնասէ կառոյցին», նշեց ան։ Արմէն Աբրոյեան ընդգծեց, որ եկեղեցին ամբողջութեամբ վերականգնելու ծրագիր դեռ չկայ, քանի որ միջոցները սուղ են։ Առաջնային նպատակը եղածը պահպանելն է։

Արտաւազիկի վերականգնման համար պիւտճէէն տրամադրուած է 11 միլիոն դրամ։

Կը վերակառուցուի նաեւ Արմաւիրի մարզի Թարգմանչաց վանքը եւ Արագածոտնի մարզի Իրինդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Երեք յուշահամալիրներու վերականգնման աշխատանքներն ալ կ՚իրականացնէ «Արհովշին» շինարարական կազմակերպութիւնը։

Անդրադառնալով կազմակերպութեան՝ Արմէն Ամիրեան ըսաւ. «Մենք յայտնուած էինք շրջանի մը մէջ. յայտարարուող մրցոյթներուն կը մասնակցէին եւ կը յաղթէին միեւնոյն թեքնիկ վերահսկողներն ու շինարարական կազմակերպութիւնները, ինչ որ արդէն իսկ շատ վատ էր։ Մրցոյթի պայմաններէն յանգեցանք շինարարական ընկերութեան յուշարձաններու վերականգնման ոլորտէն ներս առնուզան 5-10 տարուայ փորձառութեան պահանջը։ Փոխարէնը նշեցինք, որ մրցոյթին կրնայ մասնակցիլ առանց յիշեալ փորձառութեան կազմակերպութիւն՝ իր աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելով փորձառու մասնագէտ մը։ Արդիւնքին այս դաշտին մէջ յայտնուեցան թէեւ պակաս փորձառութեամբ, բայց նոր կազմակերպութիւններ։ Այդ մէկը կարեւոր է, քանի որ լուրջ վտանգներ թաքնուած են այնտեղ, ուր տասնամեակներ շարունակ շինարարական հրապարակները միմեանց միջեւ բաժանում են միեւնոյն ընկերութիւնները», շեշտեց նախարարը։

Արմէն Ամիրեանի կարծիքով՝ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան մեկնարկին յատուկ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, մրցոյթի իրականացման եւ հանրային վերահսկութեան նման ձեւաչափը յետագային շօշափելի արդիւնք կու տայ։

Արտաւազիկ եկեղեցին կառուցուած է 7-րդ դարուն։ Անոր հարեւանութեամբ կը գտնուի 13-րդ դարու հսկայ խաչքարը։ Արեւելքի եկեղեցւոյ խաչթեւը կիսաշրջանակաձեւ է, միւսները՝ ուղղանկիւն։ Հիւսիս-արեւելեան անկիւնին կայ ոչ մեծ աւանդատուն։ Գմբէթատակ քառակուսին փոխանցուած է արտաքուստ ութնիստ թմբուկին։ Արեւմուտքի խաչթեւի տանիքին 8-րդ դարուն աւելցուած է սլացիկ համաչափութիւններով զանգակատունը։ Մնացած թեւերու թաղածածկերը եւ գմբէթը փլած են։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017