ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆԻ «ՆՈՒԻՐՈՒՄ»Ը ՀՆՉԵՑ ԿԻՒՄՐԻԻ ԵՕԹ ՎԷՐՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ եւ ԱՐՏ PR ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Կիւմրիի Ս. Աստուածածութիւն (Եօթ Վէրք) եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի բացառիկ համերգը։

Երգացանկը բացառապէս Կոմիտաս Վարդապետ էր։ «Նուիրում» խորագրեալ համերգին միացած էր նաեւ Գերմանիայէն ժամանած, բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր դաշնակահարուհի Լուսինէ Խաչատրեան, որ, արմատներով կիւմրեցի է, մեծ պատրաստակամութեամբ միացած էր նախաձեռնութեան։ Համերգի մուտքը ազատ էր, եկեղեցւոյ դռները բաց էին բոլորի համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, համերգի աւարտին Յասմիկ Պապեան լրագրողներուն յայտնեց, որ Կիւմրիի Եօթ Վէրք եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունենալը իր փափաքն էր ու երազանքը։ «Կիւմրիի հետ իմ կապը անբացատրելի է, ան իմ մանկութիւնն է։ Մայրս կիւմրեցի է. երեխայ ժամանակ ամառնային արձակուրդներս անցուցած եմ Կիւմրիի մէջ, իսկ Եօթ Վէրք եկեղեցին շատ մեծ խորհուրդ ունի, այդ իսկ պատճառով համերգը յարգանքի տուրք է մեծն Կոմիտասի, նուիրում՝ Կիւմրիին եւ վերադարձ դէպի արմատներ», նշեց Յասմիկ Պապեան՝ յիշելով այն օրերն ու վայրերը, որոնք կապուած են իր մանկութեան հետ։ «Կը յիշեմ Թումանեանի անուան գրադարանը, ուրկէ գիրքեր կ՚առնէի, այգին, ու ընդհանրապէս ամէն ինչ՝ կիւմրեցիներու նիստն ու կացը, շնորհքը, հիւրասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը. այս ամբողջը արժէքներ են, որոնք մինչեւ հիմա կ՚ուղեկցին ինծի։ Սա առ Աստուած աղօթք էր, որով կը խնդրեմ հայրենիքին, Կիւմրիին ու հայ ժողովուրդին ողջամտութիւն ու լաւ ժամանակներ։ Ես կ՚ուզեմ, որ իսկապէս օր մը գայ ու մեր ժողովուրդը ապրի արժանավայել։ Սա աղօթք էր,  որ ըլլայ խաղաղութիւն ու զիուորները ողջ առողջ տուն վերադառնան, սահմաններն ալ ըլլան անառիկ», ըսաւ Յասմիկ Պապեան՝ վսհատեցնելով, որ Եօթ Վէրքի մէջ համերգը նախեւառաջ նուէր է իրեն համար։

Եօթ Վէրք եկեղեցիի ողջ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն էր, երբ եկեղեցւոյ գմբէթի տակ տեղի ունեցաւ համերգային ծրագիր, սակայն կոմիտասեան մեղեդիներն ու եկեղեցւոյ պատերը «թելադրեցին» ունկնդրին աղօթատան վայել  կեցուածք՝ առանց ծափերու ու «պռաւօ»ներու՝ լուռ ու մտախոհ, իսկ երբեմն նոյնիսկ այն տպաւորութեամբ, որ երգչուհիի հետ միասին աղօթք առ Աստուած կը յղէին բոլորը, իսկ վերջին «Հայաստան» կատարումը ստիպեց բոլորը յոտնկայս լսել զայն։

«Մեզի համար պատիւ էր ստանձնել այս համերգի կազմակերպչական աշխատանքները, սա աւելին է, քան պարզապէս համերգը», նշեց ԱՐՏ PR ընկերութեան հիմնադրի տնօրէն Գայիանէ Դաւթեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդէն՝ անմիջական աջակցութեան ու նախաձեռնութեան կողքին ըլլալու համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017