ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս նորակառոյց երկաթուղիի պաշտօնական բացման առթիւ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի, Ղազախիստանի Վարչապետ Պաքըթճան Սակինթայեւ, Էօզպեքիստանի Վարչապետ Շեւքէթ Միրզիեոյեւ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

«Երկաթեայ Մետաքսէ ճանապարհ» կը կոչուի այս նորակառոյց երկաթուղին, որ կը միացնէ աշխարհի տասնչորս երկիրները։ Սա պատմական ճանապարհ մըն է, որ Փեքինը կը միացնէ Եւրոպայի ծայրամասերը՝ Լոնտոն ու Մատրիտ։ Երկաթուղիի Թուրքիոյ բաժնին մէջ կառուցուած է չորս կանգառ, երեք կամուրջ եւ 76 քիլօմեթր երկարութեամբ երկաթգիծ։ Թուրքիոյ ցանցէն ներս այս երկաթուղին պիտի միանայ «Մարմարայ»ի հետ։ Այս երկաթուղիին ընձեռած հնարաւորութիւնները լուրջ նշանակութիւն պիտի ունենան միջազգային բեռնափոխադրումներու տեսակէտէ։

Բացման պաշտօնական արարողութեան առթիւ Պաքու մեկնած Էրտողան երէկ ազէրի լրագրողի մը հարցման պատասխանելով անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Ան ըսաւ. «Մենք կ՚անիծենք Հայաստանի բռնագրաւման քաղաքականութիւնը»։ Իր խօսքերով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի համար վէրք մըն է, որ կ՚արիւնի։ Ան հերթական անգամ այս հարցին շուրջ կրկնեց Թուրքիոյ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանին։

«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը մեզի համար արիւնող վէրք մըն է, ինչպէս եւ Ատրպէյճանի համար։ Քանի տակաւին Հայաստանի կողմէ վերջ չէ տրուած Ատրպէյճանի հողերու գրաւման, այս խնդիրը չի լուծուիր։ Անյապաղ վերջ պէտք է տալ բռնագրաւման՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան հիման վրայ։ Մենք կը դատապարտենք Հայաստանի այն սադրանքները, որոնք կը թիրախաւորեն խաղաղ բնակչութիւնը։ Նման մօտեցումները երբեք չեն նպաստեր տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելի աշխոյժ աշխատին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման համար։ Մենք պիտի շարունակենք ամէն ձեւով կանգնիլ Ատրպէյճանի կողքին», ըսաւ Էրտողան Պաքուի մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017