ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ

Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին կապակցութեամբ Ռուսաստանի մէջ Նոյեմբերի 15-23 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր։ Բազմաբովանդակ ցուցահանդէսներ, համերգային ծրագրեր եւ այլ միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան Մոսկուայի եւ Ռուսաստանի այլ քաղաքներուն մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման խօսեցաւ Ռուսաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեան եւ Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսական միութեան նախագահ Վիկտոր Կրիվոպուսքով։

«Միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան ոչ միայն Մոսկուայի եւ Ռուսաստանի, այլ խոշոր քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերէ ներս։ Մենք կ՚աշխատինք ներկայացնել հայ ժողովուրդի մշակոյթը, աւանդոյթները ամբողջ Ռուսաստանի մէջ։

«Միջոցառումներու պաշտօնական մեկնարկը կը կատարուի Նոյեմբերի 15-ին Տրետեակովեան պատկերասրահին մէջ։ Այնտեղ կը բացուի Մարտիրոս Սարեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը։ Նոյեմբերի 10-ին կը ծրագրենք Մոսկուայի Յաղթանակի թանգարանին մէջ Խորհրդային Հայաստանի նշանաւոր զօրահրամանատար Յովհաննէս Բաղրամեանի 120-ամեակին նուիրուած միջոցառում իրականացնել, որուն ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան», նշեց Վարդան Տողանեան։

Նոյեմբերի 18-ին Չայքովսքիի անուան պետական երաժշտանոցի մեծ դահլիճին մէջ համերգային ծրագրով հանդէս կու գայ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը եւ հանրածանօթ օփերային երգիչներ Յասմիկ Թորսեան, Լիպարիտ Աւետիսեան։ Համերգը կը ղեկավարեն չորս խմբավարներ՝ Կոնստանդին Օրբելեան, Սերկէյ Սմբատեան, Եդուարդ Թոփչեան եւ Վլատիմիր Սպիվակով։

Նոյեմբերի 22-ին Նկարիչներու կեդրոնական տան մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայաստանի տարրերը» համալիր միջոցառումը։ Կը ներկայացուին հայկական կերպարուեստը, արծաթագործութիւնը, տարազները, կը հնչեն տուտուկ եւ ճազ երաժշտութիւն։

Միջոցառումներու փակման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Սեն Փեթերսպուրկի Պետական ակադեմական քափելլային մէջ։ Եզրափակիչ համերգային ծրագրին մէջ հանդէս կու գան Վահագն Հայրապետեանի ճազային խումբը եւ «Հովեր» քամերային երգչախումբը։

Միջոցառումներ նախատեսուած են նաեւ Ռուսաստանի դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ։

Վարդան Տողանեան յաւելեց, որ մշակոյթի օրերու բացման կրնայ ներկայ ըլլալ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Վիկտոր Կրիվոպուսկովի խօսքով՝ դարեր շարունակ Հայաստանի եւ Ռուսաստանը լաւ բարեկամներ եղած են։ «Երբ իմացանք, որ Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր տեղի կ՚ունենան, որոշեցինք, որ անոնք պէտք է իւրայատուկ եւ ընդգրկուն ըլլան։ Դիմեցինք Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներու քաղաքապետներուն, մարզպետներուն, որպէսզի անոնք աջակցին մեզի, եւ միջոցառումներ իրականացուին անոնց քաղաքներու եւ մարզերու մէջ։ Ռուսաստանի մէջ կը սիրեն հայերը, եւ մշակութային օրերը զանոնք աւելի լաւ ճանչնալու հիանալի հնարաւորութիւն կու տայ», ըսաւ ան։

Մշակութային օրերու շրջանակին մէջ Ռուսաստանի մարզերէն ներս հիւրախաղերով հանդէս կու գան Երեւանի Ստանիսլաւսկիի անուան պետական ռուսական տրամաթիքական թատրոնը, Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը, Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոնը, Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբը, ինչպէս նաեւ այլ մշակութային խումբեր։

Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսական միութիւնը իրականացուելիք միջոցառումներու մասին տեղեկութիւն տրամադրած է դաշնային եւ այլ հեռուստատեսութիւններուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017