ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԵՐԳԻՉ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ Է ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐԳԵՒ

Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պարգեւատրման արարողութիւնը՝ Ազնաւուրի ընտանիքի կողմէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հրեաներու եւ միւս ժողովուրդներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին «Ռաուլ Վալենպերկ» միջազգային հիմնադրամի  մրցանակները յանձնած է Շարլ Ազնաւուրին եւ անոր քրոջ՝ Այտային, որու պարգեւը ստացած է Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլասը։

Իսրայէլի նախագահը նշած է, որ Ազնաւուրի երաժշտութեան երկրպագուն է, մասնաւորապէս, ընդգծելով, որ «Լա Պոհէմ»ը իր ամենասիրելի երգն է։ Ռիվլին շեշտած է, որ Ազնաւուրի ընտանիքը Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն «թաքցուցած է նացիներու կողմէ հետապնդուող շարք մը հրեաներ, իսկ անոր քոյրը՝ Այտան ներգրուած է փրկարարական աշխատանքներու մէջ»։

Իր կարգին, Ազնաւուր շնորհակալութիւն յայտնած է «Ռաուլ Վալենպերկ» հիմնադրամին՝ պարգեւի համար, իսկ Իսրայէլի նախագահին՝ ընդունելութեան համար։ Աշխարհահռչակ երգիչը հետաքրքրուած է նաեւ, թէ ե՞րբ ի վերջոյ Իսրայէլը կը ճանչնայ հայկական հարցը՝ ընդգծելով, որ հրեաներն ու հայերը ունին շատ մը ընդհանրութիւններ։

Ի պատասխան՝ Ռէուվէն Ռիվլին ըսած է, որ այդ մէկը քաղաքական հարց է, եւ իր՝ Քնեսեթի պատգամաւոր ու այնուհետեւ նաեւ նախագահ աշխատած ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւր տարի հարցը Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած են, յիշատակած են 24 Ապրիլի օրը, եւ ինքն ալ 2015 թուականին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն բաւական յստակ խօսած է 1915-ի արհաւիրքի մասին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017