«ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՎՐԷԺ ԿԸ ԼՈՒԾԵՆ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած հայկական բանաձեւի լայն արձագանգները կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ հերթական անգամ լարուածութիւն մը յառաջ եկած է հայկական հարցին հետեւանքով։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի բուռն բողոքը արտայայտեց ԱՄՆ-ի մէջ առնուած որոշման կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ այդ քայլը որեւէ արժէք չի ներկայացներ Թուրքիոյ տեսակէտէ եւ թրքական կողմը արդէն չի ճանչնար այդ որոշումը։

Էրտողանի առընթեր ընդդիմադիր ղեկավարներն ալ հակազդեցութիւն ցոյց տուին ընդունուած բանաձեւին դէմ։ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու յայտնեց, որ ցեղասպանութեան վերաբերեալ այս բանաձեւը հետեւանքն է շարք մը քաղաքագէտներու հակաթուրք մօտեցման։ Ան համոզուած է, որ պատմութիւնը պէտք է թողուլ պատմաբաններուն։ Իր կարգին, ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելին ալ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ առնուած որոշումը պախարակեց եւ յայտեց, որ այդ մէկուն հետեւանքով երկու երկիրներու դաշնակցային յարաբերութիւնները վիրաւորուած են։

Ազգային մեծ ժողովն ալ երէկ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած որոշումին դէմ հրապարակեց յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ այդ բանաձեւը ծնունդ կու տայ քինախնդրութեան եւ ատելութեան եւ Թուրքիոյ տեսակէտէ չեղեալ կը համարուի։ Խորհրդարանականները մատնանշեցին, որ սա Թուրքիոյ դէմ շանթաժ մըն է եւ կը համարուի մերժելի։

Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երէկ անդրադարձան ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած որոշման եւ բոլորն ալ արտայայտեցին Թուրքիոյ բողոքը։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու շեշտեց, որ այս որոշման պատճառն է Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ նախատեսուած խաղերուն խանգարուած ըլլալը։ «Կը ջանան այս բանին վրէժը լուծել», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Միւս կողմէ, երէկ, Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆայլտ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր փոխ-նախարար Եաւուզ Սելիմ Քըրան Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը յանձնեց իր նկատառման։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, թէ «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններուն արգելք հանդիսանալու հնարաւորութիւնը չունենալով ոմանք յուսախաբութիւն ապրած են եւ հիմա այդ բանին վրէժը կը լուծեն Թուրքիայէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019