«ՍԻՓԱՆ-ԿՈՄԻՏԱՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵՒ «ՆԱՅԻՐԻ» ԼԱՐԱՅԻՆ ՀՆԳԵԱԿԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-

Ուրբաթ, հոկտեմբերի 11-ի իրիկունը Փարիզի Սեն Ռոք եկեղեցին կը յորդէր բազմութեամբ։ Աւելի քան 700 երաժշտասէրներ համախմբուած էին ունկնդրելու Հայկ Սարգիսեանի ղեկավարած «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Խումբերով հայեր եկած էին նաեւ Ֆրանսայի զանազան շրջաններէն՝ Մարսէյլէն, Լիոնէն, Վալանսէն...։ Ներկայ էին գաղութի կղերը, միութեանց, կազմակերպութեանց եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

«Սիփան-Կոմիտաս»ի հետ ելոյթ կ՚ունենար նաեւ «Նայիրի» լարային հնգեակը՝ ղեկավարութեամբ Հայկ Դաւթեանի, որ առաւել փայլ տուաւ երեկոյթին։

Բացման խօսքէն ետք համերգը սկսաւ Կոմիտասի «Սիրտ իմ սասանի» երգով, որուն յաջորդեց Ասլամազեանի մշակած «Ալ այլուղս» նշանաւոր ստեղծագործութիւնը, զոր պատշաճօրէն ներկայացուց լարային հնգեակը։ Այնուհետեւ ունկնդրեցինք Հայկ Դաւթեանի մշակած «Լէ լէ եաման»ը,
որ մեծ յուզումով կատարեց սոփրանօ Նայիրա Աբրահամեան։
Անկէ ետք Կոմիտասի
«Աստուած իմ» երկի
արտասանութեամբ
հանդէս եկաւ Մարինա Յովհաննիսեան.
դժբախտաբար, բարձրախօսը կ՚արձագանգէր եւ այդ պատճառով ալ հասկնալի չեղան բառերը։ Յայտագրի առաջին բաժնով երգչախումբը յաջորդաբար մատուցեց փունջ մը տարբեր խմբերգեր, ինչպէս՝ «Քելեր, ցոլեր», «Հովն անուշ»..., իսկ նուագախումբը՝ «Հոյ Նազան», «Վաղարշապատի պար»ը։ Իր բացառիկ ձայնով ներկաները հմայեց թենոր Արտաւազդ Սարգսեան, մեկնաբանելով «Ծիրանի ծառ»ը։

Ընդմիջումէն ետք շարունակուեցաւ համերգային ճոխ ծրագիրը։ Լարային հնգեակի կատարած «Կռունկ»ը, «Երկինքն ամպել է», եւ «Շողեր ջան»ը երկար ծափեր խլեցին խանդավառ հանդիսականներէն։ Իսկ Հայկ Սարգիսեանի խմբավարած երգչախումբին հրաշալի կատարողութեամբ հնչեցին՝ «Երկնից գետնից», «Ել, ել», Ալեքսանդր Յարութիւնեանի մշակած «Գթա՛, Տէր»ը, Կոմիտասի «Հայր մեր»ը եւ հուսկ՝ «Ամէն Հայի սրտից բխած» հայրապետական մաղթերգը։

Սեն Ռոք եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հնչած՝ երգով, երաժշտութեամբ եւ արտասանութեամբ շաղախուած կոմիտասեան համերգը, երկար ժամանակ վառ պիտի մնայ հոն գտնուող ներկաներու յիշողութեան մէջ։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019