ՄՈՆԱՔՈՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 36-րդ նստաշրջանի նախարարական համաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի մէջ։ Ժողովի մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Հարկ է նշել, որ Մնացականեան ներկայիս ՖՄԿ-ի նախարարական համաժողովի նախագահն է։ Մոնաքոյի հաւաքի ժամանակ ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Իր խօսքով՝ խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնը, բոլորի կողմէ բաժնուած հիմնարար արժէքները կը շարունակեն մնալ համակեցութեան հիմքին՝ հանդիսանալով ընդհանուր ժառանգութեան մէկ մասը եւ առկայ խնդիրներու լուծման բանալին։ «Առանց յանուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան սպառնալիքներուն դէմ մեր համախմբման, այդ աղէտը պիտի շարունակէ ծառայել իր նպատակին։ Կարեւոր է կրկին վերահաստատել մեր աջակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին», ըսաւ Մնացականեան։

Ելոյթի ժամանակ նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք մարդու իրաւանց համընդհանրութեան եւ անոնց պաշտպանութիւնը պէտք է տարածուի ամբողջ մարդկութեան վրայ։ Ուստի մենք համոզուած ենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային պէտք է ապահովուի մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը՝ ներառեալ Արցախի ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային իրաւունքները։ Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի տնօրինել իր ճակատագիրը եւ կառուցել աւելի լաւ ապագայ մը իր յաջորդ սերունդներուն համար»։

Մինչ այդ, Մոնաքոյի մէջ Մնացականեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապոյի հետ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019