ԵԳԷԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Եգէականի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սաստիկ երկրաշարժ մը, որու հետեւանքով մեծ ցնցում մը յառաջացաւ Իզմիրի մէջ։ Ռիխթերեան չափանիշով 6.9 սաստկութեամբ այս երկրաշարժը աւերներ գործեց նաեւ Յունաստանի մէջ։ Յետմիջօրէի ժամերուն տեղի ունեցաւ երկրաշարժը եւ ըստ այս առաւօտեան տուեալներուն՝ 25  հոգի զոհ գացած է դէպքին, վիրաւորեալներու թիւն ալ 804 է։ Այս երկրաշարժը 15 քաղաքներու մէջ զգալի դարձաւ։ Սաստիկ շարժէն վերջ յառաջացաւ 60 սանդիմեթր բարձրութեամբ ցունամի մը։ Ծովու ջուրերը գետի նման հոսեցան կարգ մը բնակավայրերու փողոցներուն։ Սա արդէն բազմապատկեց նիւթական վնասներն ու աւերները։ Բազմաթիւ շէնքեր կքեցան երկրաշարժին հետեւանքով։

Մինչ ամբողջ երկիրը շարժման անցած է զօրակցելու համար Իզմիրին, միջազգային ընտանիքէն ալ կը տեղան ցաւակցականներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020