ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ. ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ՖՈՍՖՈՐԱՅԻՆ ՌՈՒՄԲԵՐ Կ՚ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի։ Ամէն օր քիչ մը աւելի մտահոգիչ լուրեր կը հասնին հակամարտութեան գօտիէն։ Երէկ, հայկական կողմը ահազանգ հնչեցուց, որ Ատրպէյճան սկսած է օգտագործել զանազան զէնքեր, որոնք կը պարունակեն ֆոսֆոր։ Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կ՚օգտագործեն զէնքեր, որոնք ֆոսֆոր կը պարունակեն եւ ունին քիմիական զէնքի տարրեր։ Ատրպէյճանի բանակը այդ զէնքերը կիրառած է քաղաքացիական բնակավայրերու հարեւանութեամբ գտնուող անտառներու դէմ։ «Այսինքն՝ զանգուածային ոչնչացման բնոյթով այս զինատեսակը ներկայիս Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ կ՚օգտագործուի բնութեան, նաեւ քաղաքացիական բնակիչներու դէմ։ Անոր կիրառութիւնը նման պայմաններու ներքեւ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ արգելքներու տակ է», ըսաւ Արման Թաթոյեան։ Ըստ վերջին տուեալներուն, պարզուած է, որ անտառներէ ներս թէ՛ ցերեկային եւ թէ գիշերային ժամերուն զինեալ յարձակումներէն կը պատսպարուին նաեւ խաղաղ բնակիչներ։

Այս զգայացունց լուրերուն զուգահեռ՝ հայկական կողմէն երէկ օրուան տեւողութեան կանոնաւոր պարբերութեամբ հաղորդումներ կատարուեցան ռազմաճակատի իրադրութեան շուրջ։ Արցախի տեղեկատուութեան շտապը երեկոյեան ժամերուն հաղորդեց, որ Ատրպէյճան օրուայ տեւողութեան աշխոյժ եղած է Բերձորի ուղղութեամբ, առաջնագծի ձախ թեւէն ներս, բայց մարդուժի մեծ կորուստներ կրելով նահանջած է։ Առանձին հատուածներէ ներս շարունակուած են ներթափանցման փորձերը եւ անոնց կասեցման ուղղեալ մարտական գործողութիւնները։ Աւելի ուշ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ընթացիկ մամլոյ ասուլիսը սարքեց Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ։ Ըստ իրեն, երէկ վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը յարձակման ձեռնարկեցին քանի մը ուղղութիւններով։ Ռազմաճակատի հիւսիսային ուղղութեան վրայ հետեւակային ուժերով գրոհի ձեռնարկեց Ատրպէյճանի բանակը՝ նոյնաժամանակ քանի մը դիրքերու վրայ։ Հայկական ստորաբաժանումները կասեցուցին այդ բոլորը։ Ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ ալ օրուան ողջ տեւողութեան մարտերը շարունակուեցան։ Ըստ Յովհաննիսեանի, Արաքս գետէն դէպի հիւսիս քանի մը բարձունքներու ուղղութեամբ Հայկական զինեալ ուժերը ունեցան որոշ դիրքային առաւելութիւններ, բայց այս պահուն յստակ բան մը նշել անկարելի է, որովհետեւ մարտերը կը շարունակուին։ «Կեդրոնական ուղղութեան վրայ ընթացան երկու առանձին գործընթացներ», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան եւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի զօրքերը Մարտունի-Ճարտար ուղղութեան վրայ օրուան ողջ տեւողութեան փորձած են ռազմաճակատը ճեղքել բաւական խտացեալ գործողութիւններով, ըստ էութեան, գրոհիչ խմբաւորումներով, հրետանիի խիտ կրակով։ Հայկական զինեալ ուժերը տեղի չեն տուած, երէկ երեկոյեան ժամերու դրութեամբ դիրքային փոփոխութիւն չէ եղած, սակայն յամառ մարտերը ընթացքի մէջ են։ Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքերով, միւս գործընթացը Շուշիի մերձակայ անտառային գիւղերուն վերաբերուեցաւ։ Կարմիր շուկայէն դէպի արեւմուտք քանի մը գիւղերու պարագային հայկական զօրքերը դիմադրութիւն ցուցաբերած են։ Անոնք չէզոքացուցած են Ատրպէյճանի բանակի ռազմախարիսխ մը եւ յարձակողական խումբեր։ Երէկ երեկոյեան դրութեամբ այդ տեղերէն ներս ալ մարտերը կը շարունակուէին։ Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, Ատրպէյճանի բանակէն փոքր խմբաւորումներ կը յայտնուին անտառներու մէջ, ու եթէ նոյնիսկ նահանջներ ունենան, ապա դարձեալ կը յարձակին։ Այս բոլորի լոյսին տակ Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուց, որ պատերազմը քիչ մը կորսնցուցած է իր սաստկութիւնը, յարաբերաբար աւելի նուազ կ՚օգտագործուին զրահապատ միջոցները եւ այստեղ կարեւոր դեր ունի հայկական զօրքերու հրետանիի ազդու միջամտութիւնը։ Բաց աստի, Արծրուն Յովհաննիսեան հարցումի մը պատասխանելով տեղեկացուց, որ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ գիւղն ալ երէկ թիրախաւորուած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Իրեն եւս հարց տրուեցաւ ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործման խնդրին շուրջ։ Ընդհանուր խորհրդածութիւն մը ընելով՝ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Շուշիի, Ստեփանակերտի, Մարտակերտի, Ասկերանի եւ այլ բնակավայրերու մէջ յանցագործութեան եւ մարդոց դէմ արգիլուած զինատեսակներու կիրառումը պէտք է ըլլայ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին։ Արցախի հայութիւնը առաջին հերթին ենթարկուած է բռնութեան Ատրպէյճանի կողմէ։ Եթէ ոեւէ մէկը աշխարհի որեւէ ծայրին կը կարծէ, թէ Արցախ չունի օրինական իրաւունքը Ատրպէյճանի տարածքէն ներս ոչնչացնելու այն թիրախները, որոնցմէ կ՚իրականացուի բռնութիւնը Արցախի հայութեան դէմ, ապա պէտք է այս բոլորի մասին մտածէ։ Ատրպէյճանի խոշոր քաղաքներուն մէջ տեղակայուած են ռազմական զանազան կառոյցներ եւ եթէ այդ տարածքներէն բռնութիւն կ՚իրականացուի Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ, ապա Արցախի լիարժէք իրաւունքն է թիրախաւորել ու ոչնչացնել այս նշանակէտերը։ Եւ երբ այսքանէն յետոյ կը խօսուի Արցախի բնակչութեան՝ Ատրպէյճանի կազմէն ներս խաղաղ համակեցութեան մասին, մեղմ խօսքով՝ ծիծաղելի է։ Թող Ատրպէյճանի մէջ մտածեն՝ ինչպէս հադրութցի պապիկը գնդակահարելէ վերջ պիտի փորձեն իր թոռներուն հետ խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ Արցախի մէջ, զոր կ՚ուզեն գրաւել»։

Արցախի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ դարձեալ հրթիռակոծեց Ստեփանակերտը եւ Շուշին՝ միշտ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը այս առաւօտ հաղորդեց նաեւ, որ ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններուն վրայ ուժերու դասաւորումը մնացած է անփոփոխ եւ առաւօտուն վերասկսած են մարտական գործողութիւնները։

ՇՈՒՇԻԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

Միւս կողմէ, Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեան երէկ յայտնեց, որ Շուշիի դէմ ուղղուած վտանգը չէզոքացուած է։ Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան օր մը առաջ ահազանգ հնչեցուցած էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կը գտնուին Շուշիէ 5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Իր այդ ահազանգը չէր ընկալուած միանշանակ։ Իր խորհրդականին կողմէ երէկ կատարուած այս յայտարարութիւններն ալ ձեւով մը հաւասարակշռեցին հաւանական թիւր տպաւորութիւնները։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկ այս խնդրին անդրադարձաւ նաեւ հայկական բանակի վաստակաւոր հրամանատարներէն Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ 1992 թուականին ղեկավարած էր այն գործողութիւնը, որով Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հակակշռին տակ անցած էր Շուշին։ Ըստ Արքատի Տէր-Թադէոսեանի, Շուշին բերդ մըն է։ Եթէ Ատրպէյճան սկսի յարձակիլ, դժուար թէ կարողանայ քաղաքը գրաւել։ Սա քաղաք-ամրոց մըն է։ Միակ բանը, որ կարելի է ընել եւ հիմա ալ Ատրպէյճանի զօրքերը արդէն կը կատարեն՝ խաղաղ բնակչութեան հրետակոծումն է։ Այս բացատրութիւններու լոյսին տակ Արքատի Տէր-Թադէոսեան զգուշացուց, որ Ատրպէյճանի բանակը թէեւ պէտք չէ թերագնահատել, իրավիճակը պէտք է սթափ արժեւորել եւ պէտք է ճիշդ որոշումներ կայացնել։ Ան մանրամասնեց, թէ ռազմական թեքնիկի տեսակէտէ ինչպիսի քայլեր պէտք է առնուին Շուշիի պաշտպանութեան համար։

ՊԱՔՈՒԷՆ ԼՈՒՐԵՐ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ երկրի բանակը կը շարունակէ ազատագրել զանազան գիւղեր կամ շրջաններ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է որոշմնագիր մը, որով կը նախատեսուի հայերէ ազատագրուած վարչական միաւորներուն համար մասնաւոր կառավարիչներու նշանակումը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020