ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ դարձեալ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ եթէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը սրուի, ապա նոր քննարկում մը տեղի կրնայ ունենալ։ Ըստ իրեն, չէ բացառուած, որ իրավիճակը վատթարանայ։ Այդ պարագային, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ դարձեալ անդրադառնալ հարցին եւ զբաղիլ անով։ Թէ ի՞նչ ձեւաչափով կրնայ ըլլալ այս բանը, տակաւին կ՚որոշուի։ Դեսպան Նեպենզիա յոյս յայտնեց, թէ հակամարտ կողմերը կը կատարեն համաձայնութիւնները, առաջին հերթին՝ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, թէ այդ բանին կը յաջորդէ քաղաքական գործընթացը։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը նշեց, որ իր երկիրը սերտ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ, նաեւ անոնց հսկայական սփիւռքները կը հիւրընկալէ։ «Այնպէս, որ մեզի համար սա յատուկ խնդիր մըն է եւ ան արձագանգ կը գտնէ մեր սրտերուն մէջ», ըսաւ Նեպենզիա։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս վերջերս նախագահութիւնը կը վարէր Ռուսաստան։ Դեսպանը ռուսական նախագահութեան ժամկէտի աւարտման եւ ամփոփման նպատակով մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Նիւ Եորքի մէջ։ Այդ ասուլիսին ժամանակ է, որ ան անդրադարձաւ այս հարցին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020