ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՓՈՒԹԻՆԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մանրամասն ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ յառաջացած մարտահրաւէրները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նամակին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուած է Մերձաւոր Արեւելքէն օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու տեղափոխութիւնն ու անոնց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ մարտական գործողութիւններու ներգրաւման հանգամանքը։ Փաշինեան նշած է, որ մարտական գործողութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին կը մօտենան եւ արդէն փաստեր կան անոր տարածքի դէմ տեղի ունեցած ոտնձգութիւններու վերաբերեալ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Փաշինեան Փութինին դիմած է անյապաղ խորհրդակցութիւններու սկսելու ակնկալութեամբ։ Այսպէս, Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորման համար Ռուսաստանի աջակցութեան տեսակներու սահմանման առաջադրութեամբ պէտք է կատարուին խորհրդակցութիւններ։ Ան փափաքած է գիտնալ, թէ աջակցութեան ի՞նչ տեսակներ եւ չափ կրնայ յատկացուիլ Ռուսաստանի կողմէ՝ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար։ Այս ուղղութեամբ հիմք կը հանդիսանան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ 29 օգոստոս 1997 թուականին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած «Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան մասին» պայմանագրի երկրորդ յօդուածը։ Համապատասխան յայտարարութիւնը այս առաւօտ կատարուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուասաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ անմիջապէս արձագանգեց Փաշինեանի կողմէ Փութինին ուղարկուած նամակին։ «Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կը տրամադրէ անհրաժեշտ ամբողջ օգնութիւնը, եթէ մարտական բախումները տեղափոխուին անմիջականօրէն անոր տարածքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Ռուսական կողմը վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը Հայաստանի նկատմամբ դաշնակցային պարտաւորութիւններուն համար, ներառեալ 29 օգոստոս 1997 թուականին ստորագրուած համաձայնութիւնը։

Երէկ, նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Անդրկովկասի իրավիճակը՝ շեշտը դնելով Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին վրայ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս տեղեկութիւնը փոխանցելու առընթեր հերթական անգամ պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վերաբերեալ հարցումի մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան հրաժարեցաւ երկար մեկնաբանութիւններ տալէ ու վերստին շեշտեց, որ խաղաղապահներու տեղակայման համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերու հաւանութիւնը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Օլէկ Սիրոմոլոթով «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան յայտնեց, որ չի բացառուիր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կռուող վարձկաններու ներթափանցումը ռուսական տարածք։ Ըստ իրեն, անտարակոյս, կարելի չէ անտեսել նման վտանգ մը։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Պետական տումայի ԱՊՀ- ի, Եւրոասիոյ համարկման հարցերով յանձնաժողովի փոխ-նախագահ Քոնստանդին Զաթուլինն ալ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ հակամարտութեան վերջին զարգացումներուն ու մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Արցախի մէջ իր զօրքերու յառաջխաղացումը դադրեցնելու ծրագիրը։ «Ալիեւի խաղաղութեան ծրագրին մէջ խարդաւանք կայ, իր նպատակը արցախահայերու ամբողջական շրջափակումն է», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչին, որ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ Թեհրանի նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները ներկայացուց իրեն։

Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ Արաքչի ընդգծեց Իրանի տեսակէտէ Հայաստանի հետ ամուր բարեկամական կարեւորութիւնը։ Ան ներկայացուց Իրանի մօտեցումները տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման շուրջ՝ խոր մտահոգութիւն արտայայտելով ռազմական գործողութիւններուն համար։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան շուրջ։ Երկուստեք անհանգստութիւն արտայայտուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքէ ահաբեկիչներու պատերազմի ներգրաւուած ըլլալուն բերումով, ինչ որ կը սպառնայ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան։ Փաշինեան բարձր գնահատեց Թեհրանի հաւասարակշռուած ու շինիչ մօտեցումը տարածքաշրջանային խնդիրներու նկատմամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020