7 ԺԱՄ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ Ժընեւի մէջ մէկտեղեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Ինչպէս ծանօթ է, ի շարունակութիւն Ուաշինկթընի անցեալ շաբաթավերջի բանակցութիւններուն՝ այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենար նախընթաց օր, սակայն զանազան պատճառներով յետաձգուած էր։ Երէկ, Երեւանէն եւ Պաքուէն հաղորդուեցան, որ արտաքին գործոց նախարարները Ժընեւի մէջ առանձին-առանձին պիտի տեսակցին միայն միջնորդներուն հետ։ Այդ հանդիպումները իսկապէս տեղի ունեցան։ Համանախագահները առաջին փուլին առանձին հանդիպումներ ունեցան Մնացականեանի եւ Պայրամովի հետ։ Մինչ այդ, Մնացականեան առանձնապէս տեսակցեցաւ նաեւ Կասպրչիկի հետ։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ Մնացականեանի եւ Պայրամովի հանդիպումը միջնորդներու մասնակցութեամբ։ Եօթ ժամ տեւեցին այս բանակցութիւնները, որոնց ընդառաջ միջնորդները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ իրենց կազմով։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ժընեւի մէջ երէկ քննարկուեցան հոկտեմբերի 10-ին Մոսկուայի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութիւնը կեանքի կոչելու ուղղեալ հարցեր՝ մասնաւորապէս այն քայլերը, որոնք պիտի առնուին հրադադարի ուղղութեամբ։ Մնացականեան ընդգծեց համանախագահ երկիրներու միջնորդութեամբ ապահովուած հրադադարի համաձայնութիւններու անվերապահ կատարման եւ կայուն հրադադարի անյապաղ հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Ան ընդգծեց վերստուգման դրութիւններու դերը՝ հրադադարի հաստատման եւ պահպանման ուղղութեամբ։ Ժընեւի մէջ Մնացականեան առանձնայատուկ շեշտեց Արցախի խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորման անթոյլատրելիութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը վերահաստատեցին՝ բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացի շարունակականութիւնը։

Ժընեւի երէկուան երկարատեւ բանակցութիւններէն վերջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, ըստ որու Երեւան եւ Պաքու համաձայնած են՝ չթիրախաւորել խաղաղ բնակչութիւնը եւ ոչ-ռազմական շինութիւնները։ Ժընեւի ծաւալուն քննարկումներու ամբողջին մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի եւ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթէր Մաուրէրի հետ։ Համանախագահները հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղած են, որպէսզի անոնք ամբողջութեամբ կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները մարդասիրական հրադադարի անյապաղ հաստատման ուղղութեամբ։ Սա կը նախատեսուի նախապէս երեք անգամ վերահաստատուած յայտարարութեան հիման վրայ։ Հակամարտ կողմերը Ժընեւի մէջ համաձայնութեան հասան առանց նախապայմաններու անյապաղ շարք մը քայլեր իրականացնելու շուրջ։ Այսպէս, կողմերը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համապատասխան՝ դիտաւորեալ ձեւով պիտի չյարձակին քաղաքացիական բնակչութեան կամ ոչ-ռազմական շինութիւններու վրայ։ Կողմերը աշխուժօրէն պիտի մասնակցին ռազմադաշտի աճիւններու փոխանակման՝ համապատասխան միջազգային կառոյցներուն տրա-մադրելով անվտանգութեան անհրաժեշտ երաշխիքներ՝ որպէս աջակցութիւն։ Հակամարտ կողմերը միջազգային համապատասխան մարդասիրական կառոյցներուն մէկ շաբթուայ ընթացքին պիտի փոխանցեն ներկայիս կալանաւորուած ռազմագերիներու ցուցակը՝ յետագայ փոխանակումը ապահովելու նպատակով։ Հակամարտ կողմերը գրաւոր պիտի ներկայացնեն հոկտեմբերի 10-ի համատեղ յայտարարութեան երկրորդ կէտին համապատասխան հրադադարի ստուգման հաւանական դրութիւններու վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ եւ հարցեր։ Հակամարտ կողմերը կարծիքներու բաց եւ առարկայական փոխանակում պիտի իրականացնեն՝ ուղղուած համապարփակ կարգաւորման առանցքային տարրերու շուրջ իրենց բանակցային կողմերու յստակեցման՝ հոկտեմբերի 10-ի համատեղ յայտարարութեան երկրորդ կէտին համապատասխան։

Բաց աստի, համանախագահները պիտի շարունակեն խտացեալ աշխատանքը կողմերուն հետ՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Այս առաւօտ ռազմաճակատէն հասած վերջին լուրերը յայտնի կը դարձնեն, որ Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ թիրախաւորել Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, հակառակ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020