ՆՈՐ ԼՈՒՍԱԲԱՑ ՅՈՅՍԻ ՇՈՂԵՐՈՎ

Եւ այսպէս, 2020 թուականի այգաբացը… Սա նոր լուսաբաց մըն է յոյսի շողերով եւ մանաւանդ՝ լաւատեսութեան ճառագայթումով։ Մարդկութեան դիմագրաւած ծով խնդիրներուն ծնունդ տուած ալիքները պիտի խաղաղի՞ն այս Ամանորին։ Համայն աշխարհ բարի ակնկալութիւններով կ՚ողջունէ Նոր տարին։ Երկրագունդը կը ձգտի նոր ապագայի մը՝ աւելի անվտանգ, աւելի բարօր, աւելի համերաշխ եւ աւելի ապահով… Խաղաղ երկինք մը ունենալու կարօտը միշտ կը մնայ առաջնահերթ։

Հայութիւնն ալ վերանորոգեալ յոյսերով մուտք կը գործէ Նոր տարի։ Երեւանի ցոլացուցած պատկերը յարիր է համազգային տօնախմբութեան մը մթնոլորտին։ Բոլորին մաղթանքն է, որ խաղաղութեան արեւը լուսաւորէ Նայիրեան աշխարհի երկնակամարը։ Ամանորեան միջավայրը անտեղի ճոխութիւն մը չէ Հայաստանի համար։ Այդ միջավայրը կը պայմանաւորէ համայն հայութեան տարեմուտի բարձր տրամադրութիւնը։ Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառը կը մարմնաւորէ հայութեան վառ յոյսերը։ Անոր լոյսերը կը պլպլան՝ խրախուսելով կեանքի ծառը ջրելու, խնամելու եռանդը։ Հայ ազգի բարի տրամադրութիւնները նոր թեւ, նոր ոգի կը ստանան՝ տօնական օրերու ջերմութեամբ։ Աշխարհացրիւ ազգի մը զաւակները զիրար կը շնորհաւորեն անկեղծութեամբ, եղբայրաբար եւ գալիքի նկատմամբ ամուր հաւատով։

Ամանո՜ր, բարի գալուստ…

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019