ՓՈՔՐ ՎԱՐԱԿԷՆ, ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿ... ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆ

Տարին կը բացուէր բաւական ծանրակշիռ դէպքով մը։ Պաղտատի մէջ կը սպաննուէր Իրանի «Ալ Քուտս» փաղանգի հրամանատար զօրավար Քասըմ Սուլէյմանին։

Օրին լրատուական ծառայութիւններ, որոնք մեծ կարեւորութեամբ ներկայացուցին դէպքը՝ նշեցին նաեւ, որ Սուլէյմաննիի սպանութեան դէպքը սկիզբն էր միայն այն «գրոհ»ին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի կատարէր Իրանի դէմ։

Անշուշտ, կար նաեւ այլ կարեւոր վարկած մը, որուն հիմամբ ալ աւելի քան յստակ էր, որ ամերիկեան այս հարուածը կը միտէր շրջանին մէջ առկայ լարուածութիւնը իջեցնել նուազագոյնի...։ Դէպքերը սակայն այնքան արագ զարգացան, որ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղեցաւ եւ առկայ բոլոր մակարդակի մտավախութիւնները աստիճանաբար ուղղութիւն փոխեցին՝ ճանապարհ բանալով բոլորիս համար, «ոչ բարով» հասնող «Քովիտ-19» կոչեցեալ վարակին, որ սովորական կամ անցողիկ ժահր մը ըլլալէ անդին դարձաւ աշխարհը իր մէջ կլանող համավարակ մը։

Չինաստան, Իրան, Իտալիա... այս երկիրները եղան առաջին այն «հանդիսավայրեր»ը, ուր վարակը կը տարածուէր շատ արագ, պատճառելով հազարաւոր զոհեր եւ միեւնոյն ժամանակ դառնալով այդ երկիրներու թիւ մէկ հիմնախնդիրը։

Համավարակը աւերներ կը գործէր եւ ցոյց կու տար կարգ մը «առաջնակարգ» դիրքով պետութիւններու առողջապահական համակարգերու խոցելի ընդհանուր վիճակը, բայց եւ այնպէս, համավարակը միայն առողջապահական դրոյթ մը չէր, այլ աւելին։

Մշակութային, ֆիզիքական, սնունդի, բնութեան եւ տարբեր գործօններու հետ փոխառնչուած վիճակները լարուած ականի մը պէս կը պայթէին, կերպով մը մեզի ըսելու համար, որ համայն աշխարհը կ՚ապրի նոր շրջադարձային փուլ մը, որուն առաջին նախանշանը «քորոնա» անունեալ համավարակն էր։

Ի դէպ, քիչ չէին այն մտածողները, որոնք նախքան այս վարակի երեւումը լաւապէս կը նախազգային, որ հեռուէն կու գայ «մեծ հրթիռ» մը, որ այս փուլին պարզապէս «նախազգուշացման» հրթիռ մըն է։

Նման վարկած յառաջ քաշողներու ամենայառաջադէմը կը համարուի հրեայ փիլիսոփայ Եուվալ Հարարի, որ համավարակի տարածման ամենածանր օրերուն կը հրապարակէր լայնածաւալ յօդուած մը, որուն մէջ ալ կարեւոր ակնարկութիւններ ներկայացնելով կը պատմէր, մեր այսօրուան աշխարհի, մեր կեանքի, մեր իրավիճակի ու մեզ շրջապատող բնութեան եւ այդ բնութեան տարրերու անմխիթար վիճակ մը ունենալուն մասին։ Փիլիսոփան ոչ միայն քննութեան կ՚ենթարկէր մարդկութեան ապրած տագնապալի վիճակը, այլ նաեւ կը կանխատեսէր, որ եթէ մարդիկ «բաց աչքերով» չնային զիրենք շրջապատող հարցերուն եւ չտեսնեն իրենց մօտեցող մեծ վտանգները, ապա «Քովիտ-19»ը պարզապէս պիտի դառնայ նախասկիզբը գալիք արհաւիրքներուն։

Ամէն պարագայի ստեղծուած դժուարին վիճակը այնքան մը խճճուած կը դարձնէր մեր առօրեան, որ մարդիկ ստիպուած կ՚ըլլային փոխելու իրենց ամենապարզ եւ ամենահիմնական սովորութիւնները։ Սկսած ընկերային կեանքի սահմանափակումներէն եւ հասնելով մինչեւ կրօնական, անհատական, հաւաքական մակարդակի արարողակարգեր եւ միջոցառումներ, մարդկութիւնը պարտաւորուած կ՚ըլլար կիրառելու այնպիսի սահմանափակումներ, որոնք տարբեր առումներով ալ կրնային սեպուիլ ծիծաղելի եւ անիմաստ։

«Խօսողը» վարակն էր, «կամք» թելադրողը վարակն էր, անորոշութեան թանձր շղարշը աշխարհի ամենաեռուն մայրաքաղաքներուն վրայ նետողը դարձեալ վարակն էր։

Այս մեծ փոփոխութիւններու լոյսին տակ, աւելի քան պարզ էր, որ հիւանդութեան կիսադէմքով դէպի մեզ հասնող այս վարակը ունէր նաեւ ընկերային-մշակութային առանձնայատկութիւններ եւ ամենակարեւորը նաեւ մեզ որոշ չափով «փոխելու» կամ այլ կերպ ըսած «ուշքի» բերելու միտումներ։

Այդ մասին ես խօսած էի արմատներով լիբանանահայ գիտնական տիար Նուպար Աֆէեանին հետ եւ վերջինիս «Շանթ» հեռուստակայանին համար ինծի տուած հարցազրոյցի սղագրումն ալ հրապարակած էի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իմ սիւնակով։

Աֆէեան անդրադառնալով այդ «Քովիտ-19»ով պայմանաւորուած կարգ մը երեւոյթներուն եւ կամ նոյնիսկ փոփոխութիւններուն՝ կ՚ըսէր. «Երբ այս տեսակ միջազգային մաշտապով համաճարակի դէպք տեղի կ՚ունենայ եւ ամբողջ աշխարհը շոքի կ՚ենթարկէ, այդ պարագային դժուար է վստահիլ ոեւէ մասնագէտի կարծիքին, որովհետեւ այդ մասնագիտութիւնները կը ծառայեն բնական պարագաներու համար եւ ոչ թէ այս տեսակ, բոլորովին անսպասելի դէպքերուն: Այլապէս, եթէ մասնագիտութիւնը բաւարարէր, այդ նոյն մասնագէտները կրնային ակնկալել այսպիսի դէպքը եւ մեզի աւելի լաւ նախապատրաստել: Հետեւաբար կը թելադրեմ, որ մարդիկ ուշադիր ըլլան: Իսկ միւս կողմէն, պարզ է, որ նման համաճարակի պարագաներուն հնչեցուին տարբեր միտքեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ճիշդ ըլլալու կարելիութեան տոկոս մը կ՚արտայայտէ եւ վստահ, որ այդ բոլոր արտայայտութիւններէն գոնէ մէկը իրաւացի պիտի ըլլայ, եւ այդ ժամանակ, ան որ այդ արտայայտութիւնը ըրած է, պիտի դառնայ մարգարէ, իսկ մնացածը, ըսենք, անկարող: Բայց իմ կարծիքով, այդ մարգարէութիւնը պէտք է ապացուցել նախքան փաստը գայ:

«Անձամբ ինծի համար, իբր գիտնական, շատ դժուար է երեւակայել, որ այս ժահրը կրնայ անհետանալ, որովհետեւ մենք դեռ նոր կը տեսնենք անոր ազդեցութիւնը, թէ ինչպէս կը վարակէ, ինչպէս կը տարածուի, ինչպէս կ՚ազդէ մարմնի տարբեր բջիջներուն վրայ: Այս ամէնը տեսնելով՝ դժուար կը զտնեմ ենթադրել, որ պիտի անհետանայ։ Այս համաճարակը մինչեւ հիմա աշխարհով մէկ արդէն այնքան մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ թէ՛ մարդ էակին առողջութեան, թէ՛ կեանքին, թէ՛ աշխարհի տնտեսական ուժին վրայ, որ դժուար պիտի ըլլայ եւ շատ ժամանակ պիտի պահանջէ վերադարձը արդիւնաւէտ աշխատանքի, որ բնականաբար նախկինի նման պիտի չըլլայ։ Այն, որ մենք պիտի ապրինք տարբեր ժամանակներ, անխուսափելի է:

«Գիտէք, աշխարհը նման իրավիճակներու մէջ երբեմն աւելի արագ կը յառաջդիմէ, քան թէ երբ ամէն ինչ բնականոն հունով կ՚ընթանայ, այսինքն՝ ունեւորները աւելի կը զօրանան, տկարները կը տկարանան եւ այդ ձեւով կը շարունակուի: Բայց այսպիսի պարագաներու թէ՛ ունեւորը, թէ՛ աղքատը կը տառապին եւ նոր մօտեցումները նոր հնարաւորութիւններ կու տան բոլոր աշխարհին, որպէսզի ստեղծագործեն եւ յառաջդիմեն:

«Որպէս փոփոխութիւն, ես կը սպասեմ, որ նորարարութիւնները պիտի շատնան, մարդիկ պիտի անդրադառնան, որ ամէն հարցի լուծման համար կառավարութիւններուն վստահիլը եւ սպասելը, որ ամէն ինչ իրենք պիտի ապահովեն, շատ բնական ակնկալութիւն մը չէ: Կրնամ ըսել, թէ որքան ալ բոլորս ցաւի մէջ ենք հիմա, սակայն այս վիճակը մեզի կրնայ ներկայացնել նոր կեանք, նոր աշխարհի ծրագիր, որ աւելի մեծ հնարաւորութիւն կու տայ, քան թէ շարունակելը այն, ինչ որ կ՚ընէինք, որ ձեւով մըն ալ մեզ հասցուց այս վտանգին»:

ՔՈՎԻՏ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՆԿՄԱՆ ՍԿԻԶԲԸ

Մինչ քորոնան կը դառնար եւրոպական մայրցամաքի գլխաւոր հիմնահարցը, անդին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ (այժմ արդէն նախկին նախագահ) Տանըլտ Թրամփ անհեթեթ ելոյթներ կ՚ունենար եւ գրեթէ կ՚ըսէր, որ այդ վարակը ոչ միայն «չինական վարակ» մըն էր, այլ նաեւ «պարապ բան»։ Ան կը վստահեցնէր, որ վարակը ծունկի բերելու կարողութիւն ունեցող միակ երկիրը պիտի դառնայ իր ղեկավարած «Հզօր Ամերիկան»։ Թրամփի խօսած այլ էր, իսկ ճշմարտութիւնը այլ։ Այս առումով ալ աւելի քան յստակ կը դառնար, որ քորոնաժահրի խնդիրը պիտի շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգները «զբաղեցնող» ամենակարեւոր խնդիրներէն մին։ Ամէն պարագայի, երբ անցնող 26 մարտին ԱՄՆ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւով աշխարհի մէջ դարձաւ առաջին երկիրը՝ գերազանցելով Չինաստանն ու Իտալիան։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ տնտեսագիտութեան ասպարէզին մէջ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր, «New York Times»ի սիւնակագիր Փոլ Քրուկմըն կը ստորագրէր յօդուած մը, ուր մասնաւորապէս հեգնանքով կը յիշատակէր, թէ Տանըլտ Թրամփի կողմէ յաճախ օգտագործուած «Ամերիկան առաջինն է!» (America First!) արտայայտութիւնը արդէն իսկ սպառած է։ Քրուկմըն կը յիշեցնէր, որ «Քովիտ-19»ի ամերիկեան ափերուն արձանագրուած մոլեգնումէն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ Թրամփ յայտարարած էր, որ այդ ժահրը շուտով պիտի պարտուի ԱՄՆ-ի մէջ։ Ստորեւ հատուած մը այդ յօդուածէն՝ «Դժուար է հաւատալ, բայց ընդամէնը մէկ ամիս առաջ Տանըլտ Թրամփ եւ իր կողմնակիցները թերահաւատութեամբ կը մօտենային քորոնաժահրի լրջութեան։ 26 փետրուարին Թրամփ յայտարարեց. «Եթէ կայ հիւանդութեան 15 պարագայ, այդ 15 թիւը քանի մը օրուան ընթացքին պիտի դառնայ զերօ»: Իսկ այժմ ԱՄՆ-ի մէջ կայ աւելի քան 82 հազար հաստատուած պարագայ. մենք չենք գիտեր, թէ որքան են չհաստատուած պարագաները, քանի որ չենք հասցներ հետազօտելու։ Բայց այս մեզ կը դարձնէ աշխարհի քորոնաժահրի գլխաւոր կեդրոնը, իսկ ժահրի տարածման կորագիծը ԱՄՆ-ի մէջ աւելի կտրուկ կ՚աճի, քան որեւէ այլ երկրի մէջ։ Ինչ կը վերաբերի տնտեսութեան՝ անցեալ շաբաթ աւելի քան երեք միլիոն աշխատող ներկայացուցած է գործազրկութեան ապահովագրութեան յայտ. ասիկա չտեսնուած թիւ է։ Ակնյայտօրէն աշխատատեղիներ կը կորսնցնենք, նոյնիսկ աւելի արագ, քան 2008-20009 թուականներու տնտեսական ճգնաժամի ամենավատ պահերուն, երբ ամսական կը կորսցնէինք «միայն» 800 հազար աշխատատեղի: Թրամփի արհամարհանքն ու ժխտողականութիւնը մեծ դեր ունեցան, որ մենք այս վիճակին հասնինք: Եւ ան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի: Բայց այժմ աւելի կարեւոր հարցը այն է, թէ արդեօք կը կատարե՞նք ամէն հնարաւորը՝ աղէտը յաղթահարելու համար։ Պատասխանը՝ ոչ է: Մենք կը կատարենք անհրաժեշտ քայլերու մէկ մասը միայն, այն ալ հիմնականին մէջ դեմոկրատական նահանգապետներու եւ Քոնկրէսի դեմոկրատ անդամներու ջանքերուն շնորհիւ։ Բայց վըճ-ռական ճակատներուն վրայ դեռ կը պարտուինք, այն պատճառով, որ նոյնիսկ հիմա, Թրամփը եւ իր կուսակիցները լրջօրէն չեն ընդունիր այս սպառնալիքը։ Իմ կարծիքով, այս բոլորէն դուրս գալու համար ԱՄՆ պէտք է արագօրէն ձեռնարկէ մի քանի կարեւոր քայլերու. նախ՝ մեզի հարկաւոր են համապարփակ գործողութիւններ, բժշկական անհրաժեշտ սարքաւորումներ ձեռք բերելու համար: Այս կը նշանակէ ամէն ինչ՝ դիմակներէն եւ առողջապահական աշխատողներու ու անձնական այլ պաշտպանիչ սարքաւորումներէ սկսեալ մինչեւ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներու համար շնչառական սարքեր: Եւ, ի հարկէ, լայնածաւալ ժահրի հետազօտութիւն։ Թրամփի ժահրը ժխտելուն պատճառով վատնած ենք քանի մը շաբաթ եւ անոր հետեւանքով ետ մնացած ենք, ինչ որ պատճառ կը դառնայ հազարաւոր ամերիկացիներու անհարկի մահուան: Երկրորդ՝ մենք պէտք է դանդաղեցնենք ժահրի տարածումը, կրճատելով անձնական հաղորդակցութիւնները, որոնք կարող են յանգեցնել նոր վարակներու. «ընկերային հեռաւորութիւն» պահպանենք: Լաւ նորութիւնը այն է, որ շարք մը նահանգներ ձեռնարկած են խիստ գործողութիւններ, փակելով ոչ-էական ձեռնարկատիրութիւնները, արգիլելով գրեթէ բոլոր հաւաքները եւ մարդոց կոչ ըրած՝ մնալու տուն։ Նախանշաններ կան, որ այդ գործողութիւնները արդիւնաւէտ են։ Վատ լուրը այն է, որ Թրամփ կոչ կ՚ընէ Միացեալ Նահանգներուն՝ «վերաբանալու» մինչեւ Զատկուան տօնը, քայլ մը, որ առողջապահութեան գրեթէ բոլոր մասնագէտներու կարծիքով աղէտալի հետեւանքներու կը յանգեցնէ: Պարզ է, որ ան դեռ լուրջ չի վերաբերիր համաճարակին: Հանրապետական որոշ նահանգապետներ կը կիսուին իր անզգուշութիւնը: Օրինակ, Ֆլորիտայի նահանգապետը՝ Ռոն տը Սանթիս դեռ կը հրաժարի փակելէ նահանգին լողափները: Ինչ որ զիս կը տանի երրորդ քայլին՝ անխուսափելի տնտեսական կորուստներուն դիմաց, նիւթական օգնութեան տրամադրումն է ընտանիքներուն եւ ձեռնարակատիրութիւններուն: Այն, ինչ կը տեսնենք գործազրկութեան ապահովագրման թիւերու աճին մէջ, սովորական անկում չէ. անիկա աւելի շատ նման է բժիշկի կողմէ արհեստականօրէն յարուցուած մահաքունի, որ եղած է յանուն հիւանդի առողջութեան։ Այդ իսկ պատճառով՝ Թրամփին մարդիկը աշխատանքի վերադարձնելու ցանկութիւնը մահաբեր սխալ է: Բայց մարդիկ սնունդ ստանալու կարիք ունին, նոնիսկ եթէ չեն կրնար աշխատիլ: Ուստի, մեծապէս կ՚ողջունեմ Ծերակոյտին 2 թրիլիոն տոլար արժողութեամբ օրէնսդրութեան ընդունումը։ Մարդիկ զայն կ՚անուանեն «խթանիչ» օրինագիծ, բայց իրականութեան մէջ անիկա ուղղուած է աղէտի հետեւանքներու վերացման՝ գումար ընտանիքներուն, գործազրկութեան նպաստի բարձրացում, աջակցութիւն բժշկական հաստատութիւններուն եւ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած նահանգներուն, նաեւ վարկեր՝ ուղղուած փոքր ձեռնարկատիրութեան գոյատեւման: Այնուամենայնիւ, նախագիծը, ցաւօք, ի վիճակի չէ կանխելու զոհերու հաւանական մեծ թիւը, դատելով՝ քորոնաժահրի արագ տարածման հետեւանքով դեռ իրենց անհրաժեշտ սարքաւորումները չստացած հիւանդանոցներու ծանրաբեռնուածութենէն։ Ողբերգութիւնը այն է, որ այդ մահերուն մեծ մասը պիտի ըլլայ վատ կառավարման անմիջական հետեւանքով. Թրամփի կողմէ մասնագիտական կարծիքի արհամարհումն ու սպառնալիքի լրջութեան մերժումը, հիմա ալ կը շարունակէ խանգարել քորոնաժահրին ի պատասխան մեր ձեռնարկած միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը»։

ՊԻԼ ԿԷՅՑԻ «ՎԵՐՋԻՆ» ՎԱՐԿԱԾԸ

«Քովիտ-19»ի սաստակցումէն ասդին արհեստագիտութեան մարզին մէջ միջազգային հեղինակութիւն հանդիսացող Պիլ Կէյց տարբեր առիթներով ուշագրաւ ելոյթներով հանդէս եկաւ։ Կէյց, որուն հիմնած «Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը Ափրիէկի տարբեր երկիրներու մէջ պատուաստումի հարցերով կը զբաղէր, յենլով իր այդ մարդասիրական փորձառութեան վրայ՝ հանդէս կու գար կարգ մը օգտակար գաղափարներով։

Ուշագրաւ էր նաեւ, երբ գրի կ՚առնէի այս յօդուածը, Կէյթց դարձեալ կը խօսէր «Քովիտ»ի մասին, դրական համարելով ԱՄՆ-ի տարածքին արդէն իսկ վերսկսած պատուաստումի առաջին քայլերը ու նաեւ յոյս կը յայտնէր, որ այս ընթացքով աշխարհի եւ ԱՄՆ-ի մէջ ալ վարակը պիտի սկսի նահանջել յառաջիկայ՝ 2021 տարուան ամրան։ Ամերիկացի գիտնականը սակայն կը զգուշացնէր, որ ԱՄՆ պարտաւոր է հետեւիլ համավարակի «զարգացումներ»ուն եւ տարբեր ատեններով փակ յայտարարէ երկիրը՝ հասնելու համար լաւագոյն արդիւնքներու։

Ամէն պարագայի այսօրուան կտրուածքով աւելի քան յստակ է, որ յառաջիկայ տարին պիտի ըլլայ այս համաշխարհային տագնապէն դանդաղօրէն դուրս գալու տարին, իր ետին ձգելով բազմահազար զոհերու, հարիւր-հազարաւոր բուժուածներու, տնտեսական մեծ կորուստներու, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթական նոր կանոններու գունաւոր եւ յաճախ ալ տխուր պատմութիւնները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020