ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ԽՕՍԵՑԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Իրանի մէջ ծագած խռովութիւնները ստեղծած են լայն արձագանգ եւ առարկայ կը դառնան միջազգային գետնի վրայ անմիջական հետաքրքրութեան։ Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի հարեւան երկրի իրադարձութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ ցուցարարներուն կը զօրակցի երկու հոգի. մին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփն է, իսկ միւսը՝ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Երէկ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու Անգարայի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Իրանի մէջ կացութիւնը այդքան ալ վատ չէ։ «Մենք նման արտաքին միջամտութիւններու դէմ ենք։ Այն երկիրները, որոնք կը քննադատեն Իրանը, պէտք է հեռու մնան կրկնակի չափանիշներէ։ Մենք կը փափաքինք, որ բախումները ժամ առաջ դադրին եւ վերահաստատուի կայունութիւնը։ Վարչախումբը կրնաք սիրել կամ ոչ, սակայն Իրանի մէջ իշխանութիւնները գործի գլուխ կու գան ընտրութիւններու միջոցաւ», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարարը աւելցուց, որ այս դէպքերը միջազգային երեսակ մը չունին։ Արդարեւ, պատճառը Միացեալ Նահանգներու առկայ հակաիրանական խիստ տրամադրութիւնը կը համարուի։

Բաց աստի, երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոց մը ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Իրանի վերջին օրերու իրադարձութիւններուն։ Հասան Ռուհանի վերջերս յայտնած է, որ ժողովուրդը խաղաղ ցոյցերու իրաւունքէն օգտուելու ժամանակ պէտք չէ ոտնահարէ օրէնքները։ Նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ տեղին կը համարէ իր պաշտօնակցին այդ մօտեցումը։

Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ դրսեւորուած զգայնութեան համար։ Ան յոյս յայտնեց, թէ ցոյցերը քանի մը օրուան ընթացքին պիտի հասնին իրենց աւարտին։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018