ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՅՈՅՍ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻԷՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծում չի ստանար, որովհետեւ Ատրպէյճան դէմ դուրս կու գայ ոչ թէ Հայաստանի մօտեցման, այլ՝ միջազգային հանրութեան դիրքորոշման։ «Արդեօք Ատրպէյճան կը փոխէ՞ իր դիրքորոշումը 2018 թուականին։ Յուսանք։ Բայց այլընտրանք չկայ բանակցային գործընթացին եւ մենք պէտք է շարունակենք բանակցութիւնները ու փորձենք երթալ այդ ուղղութեամբ՝ միջազգային հանրութեան հետ միասին եւ համատեղ ջանքերը եռանախագահ երկիրներուն հետ», ըսաւ ան։

Տարեմուտի առթիւ Եդուարդ Նալպանտեան ծաւալուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Օրակարգէ դուրս» հաղորդաշարէն։ Այս առթիւ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտեցումները էապէս տարբեր են։ Ատրպէյճան կը փորձէ յօրինուած առաջարկներ ներկայացնել՝ իբրեւ թէ համանախագահներու կողմէ կատարուած։ Կը փորձէ ներկայացնել յօրինուած բանակցային գործընթացներ, որոնք չեն համապատասխաներ իրականութան։ 

Ինչպէս ծանօթ է, ԵԱՀԿ -ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու առաջարկով՝ ներկայ ամսուան երկրորդ կէսին նոր հանդիպում մը նախատեսուած է Եդուարդ Նալպնատեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ։ Արդէն համաձայնութիւն գոյացած է այդ հանդիպման յստակ թուականին ու վայրին մասին։ Ուստի, այդ տեսակցութեան ընդառաջ Եդուարդ Նալպանտեանի տարեմուտի յայտարարութիւնները ընկալուեցան մեծ ուշադրութեամբ։ «Մենք դարձեալ տրամադրուած ենք շինիչ ձեւով՝ որպէսզի իսկապէս քննարկենք, տեսնենք՝ ինչպէս կրնանք մօտեցնել դիրքորոշումները, որպէսզի ստեղծենք այնպիսի պայմաններ, որոնց շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ յառաջ շարժել այս գործընթացը», ըսաւ Նալպանտեան եւ ընդգծեց, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին, անոնք ձեւական բնոյթ չեն կրեր։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018