ԱԼԻԵՒ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄԵԾ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ ռազմական կեդրոնին, որ կը ստեղծուի դիտարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղէ ներս հաստատուած հրադադարի ընթացքը։ Հուլուսի Աքարի հետ զրուցելու ժամանակ Ալիեւ ընդգծեց, որ այդ կեդրոնը հարկաւոր է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ապահովման համար։ Ըստ Ալիեւի, այդ կեդրոնը հնարաւորինս արագ պէտք է սկսի գործել։ Արդարեւ, պատերազմէն ի վեր գրեթէ երկու ամիս անցած է, սակայն տակաւին վտանգն ու սպառնալիքները կը մնան առկայ։ Ալիեւ պնդեց, որ համաձայնութեան չենթարկուած հայկական ջոկատներ կը շարունակեն գործել Ատրպէյճանի տարածքէն ներս եւ անոնց մէկ մասը չի փափաքիր յանձնուիլ ու հեռանալ։ Ան անհանգստութիւն յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանէ ներս կարգ մը քաղաքական ուժեր ռէօվանշի տրամադրութիւններ ունին եւ բաց յայտարարութիւններ կ՚ընեն, թէ օր մը հայերը դարձեալ պիտի տիրանան հողերուն։

Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ կեդրոնի գործունէութիւնը այս շրջանին զանազան հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Հայ վերլուծաբաններ կը ջանան խորանալ, թէ այդ կեդրոնը ի՞նչ եւ ո՞վ պիտի դիտարկէ։ Անոնք առանցքային կը նկատեն այս հարցը։ Առաջին հայեացքով թրքական անօդաչու թռչող սարքերը պիտի հետեւին հայերուն, իսկ ռուսականները՝ ատրպէյճանցիներուն։ Սակայն իրականութիւնը կրնայ ուրիշ ձեւ ունենալ։ Ըստ որոշ մեկնաբաններու, իրականութեան մէջ, թրքական կողմը պիտի ստուգէ ռուս խաղաղապահներու քանակը, որպէսզի անոնք չաւելնան եւ հաշուարկելի ըլլան իրենց զէնքի տեսակները։ Ռուսական կողմն ալ նոյն նպատակները կը հետապնդէ թուրք-ատրպէյճանական պարագային։ Այսինքն, վերլուծաբանները համոզուած են, թէ իրականութեան մէջ, ռուսերն ու թուրքերը զիրար պիտի դիտարկեն մշտապէս։ Գործնականօրէն սա կրնայ փոխել այդ կեդրոնի խնդիրներն ու նպատակները, նաեւ հետեւանքները։ Իսկ զարգացումները կրնան ըլլալ անկանխատեսելի եւ կամ, մետայլի միւս երեսակին, կանխատեսելի։ Մեծ հաշուով տարածքաշրջանէ ներս ռազմական կուտակումներ սկսած են եւ կարգ մը հայ վերլուծաբաններու դիտարկումով՝ տարածքաշրջանի շուրջ ալ անհանգիստ իրավիճակ մը ստեղծուած է։

«Foreign Policy» ամերիկեան հեղինակաւոր հանդէսն ալ 2021 թուականի տարեմուտին անդրադարձած է Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն։ Այդ վերլուծութեան մէջ մատնանշուած է, որ կողմերու միջեւ տագնապալի հակասութիւններ գոյութիւն ունին։ Ռուսաստան եւ Թուրքիա թէեւ ռազմական իրավիճակի մէջ չեն գտնուիր, սակայն, զանազան հակամարտութիւններու մէջ հանդէս կու գան հակադիր ճամբարներու մէջ։ Այս ամբողջին մէջ թուարկուած օրինակներու շարքին մատնանշուած է Կովկասը, ուր կը բախուին երկու կողմերը։ Թէեւ երկու երկիրներու նախագահները՝ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին ցարդ յաջողած են յաղթահարել խնդիրները, սակայն, որեւէ վէճ կրնայ սրել հակամարտութիւնները, որոնց մէջ երկու ղեկավարներն ալ ուղղակիօրէն ներգրաւուած են։ Անդրադառնալով այս համատեսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ «Foreign Policy» կը մատնանշէ, որ թէեւ Ռուսաստան ռազմական դաշինք ունի Հայաստանի հետ, սակայն պատերազմի ժամանակ խուսափած է որեւէ կողմի օգտին միանշանակ նախընտրութիւն կատարելէ։ Ան պահած է չէզոքութիւն եւ ի վերջոյ հասած՝ հրադադարի վերջ դնելով ռազմական գործողութիւններուն։ Թուրքիա ռազմական եւ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանին։ Հակառակ այս բոլորին, Անդրկովկասի մէջ յաղթած են թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Թուրքիա։ Ռուսաստան տարածքաշրջանէ ներս իր խաղաղապահները տեղակայած է եւ այսպէսով էապէս աւելցուցած՝ իր ազդեցութիւնը։ Իր հերթին, Թուրքիան ալ կրնայ յայտարարել, որ էական դերակատարութիւն ունեցած է Ատրպէյճանի յաղթանակին ուղղութեամբ եւ օգուտ պիտի քաղէ Հայաստանէն անցնելիք առեւտրական միջանցքէն։ Վերլուծութեան մէջ հակասական նկատուած է, որ Մոսկուա եւ Անգարա կը բախին մարտի քանի մը դաշտերուն վրայ, այնուամենայնիւ, ներկայիս անոնց երկկողմանի կապերը ամուր են աւելի քան երբեք։ Անոնց կապերու ամրապնդումը կը վկայէ, թէ անոնք հետզհետէ շատ աւելի կ՚ընդդիմանան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի։ Յամենայնդէպս, «Foreign Policy» անկարելի կը համարէ այդ կապերու կայուն նկատուիլը։ Յարաբերութիւններու սառեցումը կրնայ երկու կողմերուն համար ալ խնդիրներ ստեղծել՝ նոյնաժամանակ քանի մը ճակատներու վրայ։

Այս համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ նաեւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Հուլուսի Աքարի հետ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու, Ատրպէյճան մեծ նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ փոխադրութեան միջանցքի ձեւաւորման։ «Ներկայիս մենք մեծապէս կը կարեւորենք Ատրպէյճան-Հայաստան-Թուրքիա միջանցքի ձեւաւորումը եւ առաջին հրահանգները արդէն տրուած են», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն իր երկիրը երկաթուղիի մը շինարարութեան պիտի ձեռնարկէ դէպի Հայաստանի հետ սահման։ Ըստ իրեն, թեքնիքատնտեսական հիմքը արդէն պատրաստ է։ Ալիեւի կանխատեսումներով, երկաթուղիի կառուցումը պիտի տեւէ առաւելագոյն երկու տարի։ Միեւնոյն ժամանակ, իր կարծիքով, կարելի չէ սպասել երկաթուղիի շինարարութեան աւարտին։ Մինչ այդ, ծանր բեռնատարերով փոխադրութիւնները կրնան սկսիլ։ «Սա օրակարգի կարեւոր հարց է։ Կը կարծեմ ու վստահ եմ, թէ մենք կրնանք արդէն Ատրպէյճանէն Թուրքիա ապրանքներ ուղարկել Հայաստանի եւ Նախիջեւանի տարածքով եւ ապրանքներ ստանալ հակառակ ուղղութեամբ։ Այսպէսով կ՚իրականացուի Նախիջեւանի միջանցքի բացումը, ինչ որ կարեւոր մասն է նոյեմբերի 10-ին ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան», յայտնեց Իլհամ Ալիեւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2021