ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փաշինեան այս այցելութիւնը կարեւորեց հայ-ռուսական համագործակցութեան եւ Արցախի իրավիճակի քննարկման համատեսքին մէջ։ Ան հերթական անգամ ընդգծեց Ռուսաստանի մեծ դերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։ Վարչապետի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործօն մըն է ու երաշխիք։ Փաշինեան նաեւ բարձր գնահատեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղէ ներս իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Ալեքսէյ Օվերչուք վերահաստատեց Ռուսաստանի աջակցութիւնը բարեկամ հայ ժողովուրդին ի նպաստ այս բարդ ժամանակահատուածին մէջ։ Մոսկուա շահագրգռուած է հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ ծը-րագրերու շարունակման։

Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական աջակցութիւնը, պատերազմի հետեւանքով դիակներու եւ գերիներու փոխանակման աշխատանքներու վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ։ Ընդգծուեցաւ գերիներու փոխանակման ուղղեալ աշխատանքներու հետեւողականութեան կարեւորութիւնը։ Զրուցակիցները շօշափեցին նաեւ տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու զարգացման, ինչպէս նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։

Միւս կողմէ, երէկ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, մարդասիրական հարցերուն եւ անվտանգային միջավայրին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2021