ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ 2020 թուականը շատ ծանր թուական մըն էր թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ամբողջ աշխարհին համար։ Բայց եւ այնպէս, ըստ իրեն, Թուրքիա կարողացած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ Ատրպէյճանի եւ Լիպիոյ մէջ։

Իր կարգին, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի՝ 44 օր տեւած պատերազմը ունեցած է շատ կարեւոր ազդեցութիւն մը։ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսին այլեւս ա՛լ աւելի կը գիտակցին երկու երկիրները։ Համապատասխան գիտակցութիւնը հաստատուած է եւ յետայսու Հայաստանն ալ եթէ ճիշդ նախընտրութիւններ ընէ, ապա խաղաղութեան բաժնեկից կը դառնայ։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2021