ԿԱՐԵՒՈՐ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Թէ՛ Երեւանի եւ թէ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ հրապարակեցին հաղորդագրութիւններ։ Ըստ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն, երէկուան զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման վերաբերեալ օրակարգային շարք մը հարցեր։ Ընդգծուեցաւ տնտեսական կապերու ամրապնդման ուղղեալ երկու երկիրներու կառավարութիւններու սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Փաշինեան եւ Ռայիսի անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանի գործընթացներուն։ Իրանի նախագահը վարչապետն ու հայ ժողովուրդը շնորհաւորեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Փաշինեանն ալ շնորհաւորութիւններ յղեց Իրանի քրիստոնեաներուն՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան կապակցութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանէ ներս պետական վերաբերմունքին համար, որու շնորհիւ երկրի հայութիւնը կը պահպանէ ինքնութիւնը եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծուած են։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իպրահիմ Ռայիսի համաձայնեցան՝ շարունակել բարձր մակարդակի շփումները երկու երկիրներու միջեւ։

Երեւանի կողմէ կատարուած այս հաղորդումներուն առընթեր, Թեհրանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ եւս վերահաստատուեցաւ, թէ հեռախօսազրոյցի ժամանակ անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանի ներկայ գործընթացներուն։ Իպրահիմ Ռայիսի կոչ ուղղած է՝ շարունակելու համար երկխօսութիւնը երկու երկիրներու միջեւ ամենատարբեր մակարդակներու վրայ։ «Հարաւային Կովկասի իրավիճակի զգայնութիւնը կը պահանջէ, որ տարածաշրջանի երկիրները պարբերաբար քննարկեն տարածաշրջանային եւ երկկողմանի բնոյթով հարցեր։ Իրանի քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան աջակցիլն է։ Այս առումով Իրան կ՚աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան՝ երկրով անցնող բոլոր ճանապարհներուն նկատմամբ», նշուած է Թեհրանէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։

Բաց աստի, դիտել տրուած է, որ Իրան կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացէն ներս արձանագրուած յառաջընթացը։ Իպրահիմ Ռայիսի յոյս յայտնած է, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խնդիրները կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով, միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ։ «Մենք կ՚աջակցինք ճանապարհներու ապաշրջափակման», նշած է Ռայիսի՝ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022