ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ. «ՄԵՆՔ ՄՕՏԷՆ ՊԻՏԻ ՀԵՏԵՒԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԴՐԱՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՅԱՌԱՋ ՏԱՐՈՒՈՂ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան Ամանորի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի աղբիւրները արդէն տարածած են այս պատգամը, որու վերնագիրն է՝ «Յետահայեացք անցեալ 2021 տարուան վրայ»։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պերճ Սեդրակեանի Ամանորի խօսքը։

*

Նոր տարուան սեմին, անցնող 2021 տարուան վրայ յետադարձ ակնարկով մը կրնանք հաստատել, որ անիկա մեր կազմակերպութեան համար եղաւ նախաձեռնելու եւ նոր ծրագիրներ իրականացնելու փորձառական շրջան մը: Նախորդ երկու տարիներու տագնապներուն ծանրակշիռ հետեւանքները լուրջ մարտահրաւէրներ ստեղծած էին համայն աշխարհին եւ մասնաւորաբար՝ հայութեան համար: ՀԲԸՄ շարունակեց դիմակալել այդ մարտահրաւէրներուն, յանձնառու՝ ամէնուրեք հայութեան կարիքներուն հասնելու իր առաքելութեան:

Երբ համավարակի դէմ միջոցառումներու որոշակի արդիւնաւորութեամբ ճամբորդութիւնները կարելի դարձան, մենք առաջին իսկ պատեհութեամբ անձամբ այցելեցինք Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի արտակարգ իրավիճակներու մատնուած մեր համայնքները՝ մօտէն գնահատելու համար առաւել եւս խոցելի այդ շրջանակներուն կարիքները: Ընտանիքներ, որոնք հապճեպով տեղահան եղած էին իրենց պապենական օճախներէն, յետպատերազմեան նոր սահմանագիծերու պարտադրանքին տակ։ Տնտեսական խառնաշփոթ իրադրութեան իբրեւ հետեւանք՝ վառելանիւթի, սննդամթերքի եւ ապրուստի սուր տագնապ, իրենց անհետացած զաւակներէն եւ դուստրերէն լուրի սպասող ծնողներ, համավարակ մը, որ մեր կեանքերը կաշկանդող իր սեղմումի թուլացման ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ: Մէկ խօսքով, ամբողջ սերունդի մը ձեռքբերումներուն առերեւոյթ կորուստը:

Բայց եւ այնպէս, ի հեճուկս այս մարտահրաւէրներուն, մենք մեր անցեալի փորձառութեամբ սորված ենք ի մի բերել մեր միջոցները եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն համախմբել մեր համապատասխան ուժերը՝ ապագային ընդառաջ նոր գաղափարներ եւ գործելակերպ որդեգրելով: Այս տարին, մասամբ նաեւ համեմատական  հանդարտութեամբ, վերածրագրումի եւ նոր ռազմավարութեան մշակումի առիթ հանդիսացաւ: Մեր ղեկավարութիւնը միշտ հետամուտ է գործակցութեան եզրեր գտնելու մեր տեղական համայնքներուն եւ աշխարհի տարածքին մեզի համախոհ կազմակերպութիւններու հետ՝ հայութեան շահերուն ի նպաստ ռազմավարութիւն, գործելակերպեր եւ համապատասխան ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ:

ՀԲԸՄ մարդասիրական իր օգնութիւնները օրուան կարիքներուն համապատասխան հունաւորելու իր ճկունութիւնը եւ կարեկցական ոգին ցուցաբերեց՝ կազմակերպելով հոգեկան ճնշուածութեան (trauma) եւ մտային առողջութեան ուղղուած խորհրդատուական եւ հոգեբանական աջակցութեան տարբեր տեսակի ծրագիրներ, որոնք մասնաւորաբար կենսական էին Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մեր համայնքներու ապաքինումի գործընթացին համար:

Միութեան մարդասիրական օգնութեան հիմնական ծրագիրները շարունակուեցան 2021-ի ընթացքին՝ սննդամթերքի եւ ուտելիքի մատակարարման, բնակարաններու եւ դպրոցաշէնքերու վերանորոգման եւ այլ ուղղութիւններով: Կարիքաւորներու եւ ծանր պայմաններու մատնուած մարդոց մեծ թիւը նկատի ունենալով՝ անհրաժեշտ էր, որ ապահովէինք նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը, հասնելու համար աղէտեալներու եւ անոնց ընտանիքներու բազմապիսի կարիքներուն: Այս առընչութեամբ տեղին է նշել շարք մը նոր ծրագիրներ. ինչպէս՝ «Հայեր միացէք» (Armenians Come Together (ACT)), նաեւ արդէն գործող ծրագիրներէն Հայաստան «Կենաց երկիր»  (Armenie Terre De Vie) եւ «Յայտնաբերէ Հայաստանը» (Discover Armenia) ծրագիրները, որոնք նոր շեշտադրում ստացան եւ պիտի շարունակեն հազարաւորներու օգտակար հանդիսանալ յառաջիկայ տարեշրջանին: Առաւել եւս տնտեսական-հասարակական զարգացման ծրագիրները շարունակուեցան արդիւնաւորուիլ խորհրդատուական եւ տարբեր մարզերու մէջ վերապատրաստութեան եւ արհեստավարժութեան մակարդակի բարելաւումին նպաստող ծրագիրներով, որոնց իր մարդուժով կ՚օժանդակէր կամաւորներու մեր լայն ցանցը: Մեր կամաւորները եւ պաշտօնէութիւնը՝ համաշխարհային նոր իրադրութեան պահանջներուն համապատասխան միջոցներով եւ գործելակերպով, ապագային ուղղուած նոր հարթակներ ստեղծեցին՝ արդիւնաւորութեամբ իրականացնելու համար Միութեան ծրագիրները: Նոյն ոգիով անցեալ փետրուարին կայացած մեր 91-րդ ընդհանուր ժողովը, որ առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ առցանց դրութեամբ, յաջողեցաւ ապահովել ցարդ մեծագոյն թիւով եւ ամենատարբեր խաւերէ միութենականներու մասնակցութիւնը: Համոզուած ենք, թէ հաղորդակցական ճարտարագիտութեան նոր զարգացումներով՝ ըլլա՛յ դէմ առ դէմ կամ առցանց, հայեր պիտի կարենան առաւելագոյնս խանդավառել զիրար եւ աջակցիլ իրարու:

Մենք կոչ կ՚ուղղենք սփիւռքի հայ համայնքներուն՝ իրենց կարելիութիւնները կեդրոնացնելու հայրենիքի մէջ գործադրուող յատուկ նախաձեռնութիւններու իրականացումին ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է, որ մեր շրջանակները, մասնաճիւղերը, դպրոցները եւ Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերը մշտական կապի մէջ ըլլան մեր հետ յառաջիկայ տարուան ընթացքին՝ յաւելեալ թափով իրականացնելու համար համագործակցական նախաձեռնութիւնները:

Անշուշտ, մենք պիտի շարունակենք մօտէն հետեւիլ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ դրացի երկիրներուն հետ յառաջ տարուող բանակցութիւններուն՝ տարածաշրջանի յետպատերազմեան աշխարհաքաղաքական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: Արցախի անվտանգութեան, Հայաստանի սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման կապուած այդ քննարկումները կը վերաբերին խնդիրներու, որոնք էապէս կապուած են մեր երկրի անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման եւ մեր համընդհանուր ազգի բարօրութեան հիմնահարցերուն:

Մինչ կը դիմաւորենք Նոր տարին, կը հրաւիրենք բոլորը՝ միասնաբար նոր միջոցներ փնտռելու, որպէսզի բազմապատկենք մեր առաքելութեան ազդեցութիւնը: Այսօր ամբողջովին նոր իրականութիւն մը կը դիմագրաւենք: ՀԲԸՄ կը շարունակէ որոնել ստեղծարար նոր միջոցներ, որոնք կը նպաստեն կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման եւ հաղորդակցութեան սերտացման: Կոչ կ՚ուղղենք բոլորին՝ միանալու մեր առաքելութեան: Պէտք է հաստատ մնալ այս ուղեգիծին վրայ, յանձնառու մնալով սփիւռքին եւ հայրենիքին նկատմամբ:

ՀԲԸՄ իր առաքելութեամբ փաստած է դարաւոր փիլիսոփայութեան այն միտքը, թէ մեծ տագնապներու կը հետեւին նոր առիթներ: Մենք այս իմաստուն միտքի ոգիով պիտի դիմագրաւենք այն, ինչ որ Նոր տարուայ ընթացքին մեզի համար պիտի վերապահէ աշխարհը: Անշուշտ, այդ բոլորը կարելի պիտի ըլլայ մեր նպատակասեւեռ կամաւորներու լայն ցանցին, պաշտօնէութեան, առատաձեռն նուիրատուներուն եւ վստահելի գործընկերներուն աջակցութեամբ միայն:

Առողջ եւ բարեբեր Նոր տարուան անկեղծ մաղթանքներով…

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022