ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Քուէյթաբնակ յայտնի բարերար եւ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը այս տարի ալ յանձնուեցաւ՝ Բերիոյ հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի երդիքին տակ կազմակերպուած պարգեւատրման ոգեւոր արարողութիւնով մը։ 2020-2021 տարեշրջանին, առաւելագոյն յաջողութիւնը արձանագրած հալէպահայ երեք շրջանաւարտներ արժանի դասուեցան մրցանակի։ Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ՝ հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մասիս Եպսկ. Զօպուեանի։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան փոխ-առաջնորդ Տ. Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, դափնեկիր աշակերտներն ու իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայկական վարժարաններու տնօրէնները։ Առաջնորդ սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց հալէպահայ երեք վարժարաններու տնօրէններուն, հոգաբարձուներուն, աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարինա Պօղիկեան, որ յայտնեց, թէ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը կը տրամադրուէր բարձրագոյն նիշը ապահոված մէկ աշակերտի, սակայն 2018-19 տարեշրջանէն սկսեալ թեմակալ առաջնորդի ջանքերով մրցանակը սկսաւ տրամադրուիլ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված աշակերտներուն: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրդ. վարժարանէն Զօհրապ Միրաքեան կիթառի վրայ մեկնաբանեց «Ատանայի ողբը», ապա Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանէն Վանա Մարգէեան մեներգեց «Ալագեազ»ը, հայ դպրոցէն ներս հասակ առնող աշակերտներու հայրենաշունչ ոգիին թարգմանը հանդիսանալով:

Հաւաքոյթի ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը փոխանցեց Կիրակոս Գույումճեանի ողջոյնները ներկաներուն՝ նշելով, որ անընդհատ չորս տարիէ ի վեր բարերարի փափաքին համաձայն կը յանձնուին հալէպահայ ուսանողները քաջալերող «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի վկայականներն ու նիւթական պարգեւները: Նորին սրբազնութիւնը գնահատեց հալէպահայ բոլոր վարժարանները, որոնք բծախնդրօրէն լծուած են հայակերտումի աշխատանքին՝ մեր պատանիներն ու երիտասարդները պահելով ազգային մաքուր միջավայրի մէջ: Այս առիթով ան գնահատեց Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի, Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրդ. վարժարանի եւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանի տնօրէնները, հոգաբարձուները եւ ուսուցչական կազմերը, որոնք նուիրումով կը ծառայեն կրթական կառոյցներէն ներս: Ան նշեց, որ մրցանակին հիմնական նպատակներէն մէկն է ուսման ոլորտէն ներս մրցակցութեան ոգին աշխուժացնել, որպէսզի ունենանք բարձր նիշեր ապահովող որակեալ աշակերտներ, որոնք ապագային օգտակար կը դառնան իւրաքանչիւրը իր համայնքին, դպրոցին եւ եկեղեցւոյ: «Այս մրցանակը կը բաշխուի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական աշակերտներուն առանց խտրութեան, որպէսզի անոնք քաջալերուելով պահեն իրենց ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն սուրիահայութեան կեանքի վերելքին», աւելցուց սրբազանը: Բաց աստի, թեմակալ առաջնորդը բարձր գնահատեց ներդրումը նախկին հալէպահայ քուէյթաբնակ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի, որ մշտապէս իր ծննդավայրին մասին կը մտածէ եւ անոր նիւթապէս կ՚օգնէ, որպէսզի հալէպահայ աշակերտները մնան այստեղ եւ գիտական նոր մակարդակներ նուաճելով օգտակար դառնան իրենց համայնքին եւ երկրին՝ Սուրիոյ:

Ապա «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան՝

Առաջին՝ Մեղրի Ստեփանեան (Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան), երկրորդ՝ Արտաշէս Մալաքեան՝ (Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրդ. վարժարան), երրորդ՝ Կրէյս Օտապաշեան (Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարան)

Հուսկ, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին դափնեկիրները՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022