ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջեւ ներկայ տարեմուտի դրութեամբ նախատեսուած է հանդիպում մը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ գերմանական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու ղեկավարներու հանդիպումը ծրագրուած է ներկայ ամսուան մէջ իսկ։

Ընկերվարական Օլաֆ Շոլց ներկայիս կը ձգտի աւելի աշխուժօրէն մասնակից դառնալու Ռուսաստանի պարագային որդեգրուած քաղաքականութեան։ Գերմանիոյ նոր կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուած է Աննալենա Պերպոքին, որ Կանաչներու կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն մին է։ Անցեալ ամսուայ սկիզբին նախարարի պաշտօնը ստանձնած է Պերպոք եւ աշխատանքի ձեռնարկելէ ի վեր շարք մը խիստ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է Մոսկուայի հասցէին։

Գերմանական հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Շոլց որակապէս նոր յարաբերութիւններ կ՚ակնկալէ Ռուսաստանի հետ։

Ներկայ տարեմուտին Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարներու շփումները խտացած են։ Փութին վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Այժմ արդէն յստակ դարձած է, որ Եւրոպայի յառաջատարներէն Գերմանիոյ նոր ղեկավարին հետ պիտի մէկտեղուի։ Ուքրայնայի տագնապն ու ՆԱԹՕ-ի գործնական ընդլայնումը հրատապ օրակարգի վերածուած են Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի տարաձայնութիւններու ամբողջին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022